Շանվիլ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ երեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), սոյն ակումբը պիտի ներկայացնէ իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին:
Անոր ներկայ պիտի գտնուին յատուկ հրաւիրեալներ, մարզական անձնաւորութիւններ, կրօնական դէմքեր եւ մարզական լրագրողներ:
Աւարտին, երեկոյին ներկայ գտնուողները ընթրիքի հիւրը պիտի ըլլան ձեռնարկը կազմակերպող ակումբին:


