Մարզական

Պենզեմա 4-էն 6 Շաբաթով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ նախորդ շաբաթավերջին Լեւանթէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (1-1) վիրաւորուեցաւ, 4-էն 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: «Լա լիկա»-ի գծով ան պիտի բացակայի Ռէալ Սոսիետատի, Ռէալ Պեթիսի, Էսփանիոլի եւ Ալաւեսի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն: Ան դաշտ պիտի չկարենայ ներկայանալ նաեւ Ափոյել Նիկոսիայի եւ...

«Քլասիքօ»-ին Օրը Փոխուեցաւ

«Քլասիքօ»-ին Օրը Փոխուեցաւ

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին (որ ծանօթ է իբրեւ «Քլասիքօ»-ի ճակատում) օրը փոփոխութիւն կրեց: 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որուն կայացման համար թուական ճշդուած էր 20 դեկտեմբերը, այժմ տեղի պիտի ունենայ 23 դեկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ 6-16 դեկտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իր մասնակցութիւնը...

Հայկական Ֆութպոլ. Շիրակի Հինգերորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Գիւմրի Շիրակ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փիւնիկ Երեւանի, 15 կէտով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 7 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Ալաշկերտի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գանձասար-Կապանի վրայ: Երրորդ մրցումին Արարատ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Բանանցէն` 2-1 արդիւնքով: 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Բանանց` 7 կէտով, մինչ Փիւնիկ ունի 6 կէտ

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Միջազգային Մրցաշարք.  Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը

Շաբաթ, 9 սեպտեմբեր 2017-ին, Մանարայի դաշտին վրայ սկիզբ առաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր: Առաջին օրը տեղի ունեցան չորս, իսկ երէկ` երկու մրցումներ: Առաջին օրուան երեք մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին երեսփոխան Պահիա Հարիրի յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:...

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Քֆարշիմա ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Անիմասիոն մրցումէն Լիբանանի ճատրակի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ գիշեր, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երէկ ճակատեցաւ Անիմասիոնի դէմ, արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը, երբ այս անգամ մրցումը աւարտեց 4,5-1,5 արդիւնքով: Նշենք, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած 4-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ յաղթեց Սովիեթներուն` 5,5-0,5...

Փինկ Փոնկ. Հապաշ Եւ Ազար` 2002-2004-ի Ծնունդ Դասակարգի Ախոյեան

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուող Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, աղջկանց 2002-2004-ի ծնունդ դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Լեթիսիա Ազար (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա), որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Միրիամ Հապաշի (Նատուա Քամաթիէ): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Լէա Ապու Խալիլ (Մոն լա Սալ) եւ Քրիսթի Արիտա (Շարթիէ Տար Նուր): Տղոց տիտղոսակիր դարձաւ Սաատէտտին Հապաշ (Ահլի Սայտա),...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սթիւընզ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կրան Շլեմի Մրցաշարքի Մը Տիտղոսակիր

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց տիտղոսակիրը հանդիսացաւ ամերիկացի Սլոան Սթիւընզ, որ 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 15-րդ դասուած իր ազգակիցին` Մետիսըն Քիզի: 24 տարեկան Սթիւընզ, որ ծնած է Ֆլորիտայի մէջ, այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրան շլեմի մրցաշարքի մը տիտղոսին կը տիրանայ: Նշենք, որ ան այսպիսով Սերենա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

- Մանչեսթըր Սիթի Ծանր Պարտութեան Մատնեց Լիվըրփուլը (5-0) - Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ - Մեսսի` Հեթրիքի Հեղինակ Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ, մանաւանդ զօրաւոր նկատուող եւ տարեշրջանին լաւապէս պատրաստուած խումբերուն համար: Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր Սիթի բաւական ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Լիվըրփուլը, 5-0 արդիւնքով ջախջախելով զայն: Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ կազմը` Եունայթըտ, իր դաշտէն դուրս...

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Անդրանիկ Անթիլիասի Դէմ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկները` ձախինԼուսանկարը տրամադրեցԷԼԻ ՀՈՒԼԻՇԵԱՆ Ինչպէս ծանօթ է, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնը (Նաքքաշ) այս օրերուն կը հիւրընկալէ Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը: Երէկ գիշեր աւարտեցան Գ. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կը մրցէր Անդրանիկ Անթիլիասի դէմ, տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Անդրանիկ Անթիլիասի դէմ` 4,5-1,5 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի խաղացողները արձանագրեցին երեք յաղթանակ եւ երեք հաւասարութիւն: Վերջին մրցումը, որ կը կատարուէր առաջին...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք.  Լիբանանեան Երեք Խումբեր Կը Մասնակցին Մրցաշարքին

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 27-րդ Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մուժամահ Փեթրոլի

Ռիատիի դաշտին վրայ (Մանարա) այսօր կը սկսի հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 27-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու: Այսօր տեղի կ՛ունենան 4, իսկ վաղը` 2 մրցումներ: Տիտղոսակիր ՀՄԸՄ, այսօր երեկոյեան ժամը 17:30-ին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` ճակատելով Մուժամահ Փեթրոլիի դէմ (Թունուզ): Ստորեւ` շաբաթավերջին մրցումերուն յայտագիրը. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Չերքազի - Տալիա 13:30 ՀՄԸՄ - Մուժամահ Փեթրոլի 15:30 «ԱԷՔ» Լառնաքա - Պէյրութ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Հետաքրքրական Ճակատումը

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական մանաւանդ այն կազմերուն համար, որոնք այժմէն իսկ կը փորձեն տիտղոսին ձգտիլ եւ կը շարունակեն մնալ անպարտելի` ցարդ իրենց կատարած մրցումներէն ետք: Անգլիոյ մէջ, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած եւ առաջին դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Եունայթըտ, այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Սթոք Սիթիի: Անգլիայէն ետք, ամէնէն շատ մրցումները...

Փինկ Փոնկ. Շըպիպ Եւ Խայեաթ` Տիտղոսակիր

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները շարունակուեցան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Տղոց մրցումներուն, Հասան Շըպիպ (Ղատիր Ժըպշիթ) տիրացաւ տիտղոսին` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ղալեպ Ֆահըսի (Ժընուպ Թուլ): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Ռամի Ռիման (Ատապ Ուալ Ռիատա Քաֆարշիմա) եւ Ալեքս Տըրզի (Անդրանիկ Անթիլիաս): Աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Ճենիֆըր Խայեաթ (Շարթիէ Տար Նուր), որ 3-2 արդիւնքով յաղթեց...

«Ճիմնազիատ-2017». Ալճերիա Տիրապետեց Առաջին Օրուան Մրցումներուն

«Ուահտաթ Անշիթա Ռիատիա Ուա Քաշֆիա» սրահին մէջ երէկ սկսած «Ճիմնազիատ-2017»-ի խաղերուն առաջին օրը տեղի ունեցած մարմնամարզութեան մրցումներուն կատարուեցան 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի ճակատումները: Անոնք կը շարունակուին այսօր եւս ժամը 8:00-էն 14:00 (12 տարեկանէն վար) եւ 15:00-էն 20:00 (14 տարեկանէն վար): Առաջին օրը տիրապետեց Ալճերիա` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիկները տիրացան 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի:...

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Աղջկանց Աւարտականի Ճակատումը` Զուտ Ամերիկեան

Վինըս Ուիլըմզ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աղջկանց աւարտականի ճակատումը պիտի ըլլայ զուտ ամերիկեան` կիսաւարտականին նման: 24 տարեկան Սլոան Սթեֆընս ապահովեց իր տոմսը, երբ 6-1, 0-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց 9-րդ դասուած Վինըս Ուիլիըմզին: Ան դասուած է 83-րդ: Ան այժմ պիտի ճակատի 15-րդ դասուած Մետիսըն Քիզի դէմ, որ 6-1 եւ 6-2...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Տիտղոսակիր Քարժաքին Դուրս Մնաց

Սերկէյ Քարժաքին Ռուս Սերկէյ Քարժաքին չյաջողեցաւ պաշտպանել աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի յաղթողի կոչումը: Արդարեւ, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանին, Քարժաքինը դուրս ձգեց անոր ազգակիցը` Տանիլ Տուպրով: Առաջին ճակատումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ երկրորդին յաղթանակ մը արձանագրեց 21 տարեկան Տուպրով` ճերմակ քարերով: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Բ. հանգրուանին իրեն մրցակից ունի աղջկանց աշխարհի քառակի ախոյեան,...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Բարձրացաւ 4-րդ Դիրք

ՖԻՏԷ-ի հրապարակած, սեպտեմբեր ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դիրքի մը ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` ունենալով 2802 վարկանշային կէտ: Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի երեք այլ ներկայացուցիչներ եւս. Սերկէյ Մովսիսեան (72-րդ), Վլատիմիր Յակոբեան (79-րդ) եւ Գաբրիէլ Սարգսեան (100-րդ): Ստորեւ` առաջին 10-ին դասաւորումը. ԿԷՏ 1.- Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա) 2827 2.- Մաքսիմ...

Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Գաբրիէլ Սարգսեան (ձախին) Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 5-1 արդիւնքով յաղթեց Թանմիէին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որուն մաս կը կազմէ հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան, իր կատարած առաջին մրցումին 5,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Ֆրերներուն: Նշենք, որ բոլոր մասնակցողներուն մէջ Սարգսեան ունի ամէնէն բարձր վարկանշային կէտը` 2652: Անոր կը յաջորդէր...

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» Ընկերութեան. Պասքեթպոլի Միջգիւղական Մրցաշարք` Մասնակցութեամբ 16 Խումբերու

Լիբանանեան գիւղերու մասնակցութեամբ «16 խումբեր) պասքեթպոլի երրորդ միջգիւղական մրցաշարքը սկսաւ նախանցեալ օր` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան: Նշենք, որ այս մրցաշարքի կայացման գաղափարը կու գայ Պէյթ Մերիի քաղաքապետութենէն: Մրցաշարքը, որ պիտի երկարի մինչեւ 17 սեպտեմբեր, կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ Ա. հանգրուանի մրցումները ընթացան մեծ խանդավառութեամբ: Յիշատակելի եղաւ Պարժա խումբին (Գ. խմբակ) արձանագրած յաղթանակը...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց Աշխապատ Մեկնող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

PROFOTO Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց Աշխապատ (Թիւրքմենիստան) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 17-27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան փակ դաշտերու մէջ: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 71 երկսեռ մարզիկներ եւ մարզիչներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 13 մարզաձեւերու մէջ: Անոնք են` ֆութսալ, լողարշաւ, աթլեթիզմ, մարզական...

Փինկ Փոնկ. Մարգարեան Եւ Համտար Հանդիսացան Կրտսերներու Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները: Կրտսերներու (21 տարեկանէն վար) դասակարգին մէջ աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Նինա Մարգարեան (Անդրանիկ Պէյրութ), որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր քրոջ` Աննա-Մարիա Մարգարեանին: Միներվա Ապպուտ (Շարթիէ Տար Նուր) եւ Փաթրիսիա Հոմսի (Մոն լա Սալ), հանդիսացան երրորդ: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ռալֆ Համտար (Ֆետի Աքտաս),...

Page 932 of 1278 1 … 931 932 933 … 1,278

Արխիւներ