Թէեւ երէկ Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը Փիոնկիանկի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հիւսիսային Քորէայի հետ` Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, սակայն յաջողեցաւ ապահովել աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` երեք մրցումէ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 7 կէտ:
Հակառակ անոր որ Լիբանան տակաւին երեք մրցում ունի կատարելիք, սակայն եթէ այդ երեքէն միայն մէկուն պարագային Լիբանան յաղթանակ մը եւս արձանագրէ, ապահոված կ՛ըլլայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումներու իր տոմսը:
Հիւսիսային Քորէայի դէմ տեղի ունեցած երէկուան այս մրցումին Լիբանան հաւասարութիւն արձանագրեց քիչ մը դժուարութեամբ` նկատի ունենալով, որ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) Հասան Մաաթուք նշանակեց Լիբանանի փրկարար կոլը: 23-րդ վայրկեանին Քիմ Եու Սոնկ նշանակեց դաշտին տիրոջ կոլը, իսկ Լիբանանի երկրորդ կոլը` նշանակեց Նուր Մանսուր (46-րդ): 86-րդ վայրկեանին մրցակիցը նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` շնորհիւ Եունկ Ժիքի: