20-30 սեպտեմբերին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի տեղական մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ ութ ակումբներուն. ՀՄԸՄ, Պիպլոս, Շանվիլ, Լուէյզի, Մութթահետ, Թատամոն, Պէյրութ եւ Անթունիէ:
Թէեւ մրցաշարքին գծով յառաջիկային պիտի տրուի յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, սակայն նշուեցաւ, որ մրցումները պիտի պատկերասփռուին «Էլ. Պի. Սի.», «Էլ. Պի. 2», «Էլ. Տի. Սի.» եւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայաններէն: