
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն մեծագոյն անակնկալը ստեղծեց 24-րդ դասուած արժանթինցի Խուան Մարթին տել Փոթրօ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց տիտղոսին թեկնածուներէն 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերը` արձանագրելով 7-5, 3-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին ան քիչ մը դժուար ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ մրցի աշխարհի թիւ 1 դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ, որ առանց դժուարութեան 6-1, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ռուս Անտրէյ Ռուպլեւի դէմ: 31 տարեկան Նատալ իր յաղթանակը արձանագրեց 1 ժամ 36 վայրկեանի ընթացքին:
Իր կարգին, 20-րդ դասուած ամերիկացի Քոքօ Վանտեվեկ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց թիւ 1 դասուած չեխ Քարոլինա Փլիսքովան` արձանագրելով 7-6, եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ 15-րդ դասուած ամերիկացի Մետիսըն Քիզ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Քայա Քանեփը (Էսթոնիա), իր արձանագրած 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակին շնորհիւ:
Փլիսքովայի կրած պարտութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին, երբ հրապարակուի թենիսի միջազգային նոր դասաւորումը, 23 տարեկան «Ուիմպըլտընի» սպանացի ախոյեան Կարպին Մուկուրուցա անկէ խլէ պարագլուխի դիրքը:
Ան յաջողեցաւ հասնիլ Դ. հանգրուան, ուր սակայն պարտուեցաւ Փեթրա Քվիթովայէն:
Անդրադառնալով այս լուրին` Մուկուրուցա ըսաւ, որ այժմէն իսկ ինքզինք շատ ուրախ կը զգայ, որ պիտի գրաւէ աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքը:
Նշենք, որ 25 տարեկան սպանացին այս տարի առաջին տասը դիրքերը գրաւող մարզիկներուն դէմ արձանագրեց ութ կարեւոր յաղթանակ:


