
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի, 1 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Աքուաթլոն-2017»-ը, գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին:
Այս գծով երէկ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Քասլիք:
Անոր ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հրաւիրեալներ, հովանաւոր ընկերութիւններ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ ու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ:
Այս Աքուաթլոնին տեղի պիտի ունենան լողարշաւի եւ վազքի մրցումներ. 400 մեթր լողարշաւ, 2 քմ վազք` կրտսերներու, 3,3 քմ լողարշաւ եւ 12 քմ վազք` մեծերու:
Իր խօսքին մէջ կազմակերպիչ ակումբի ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էտտէ, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենան մրցումները եւ անոնք ուրկէ՛ պիտի սկսին եւ ո՛ւր պիտի աւարտին:
Էտտէ կազմակերպիչներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք անոր յաջողութեան մէջ իրենց դերը կ՛ունենան եւ կը նպաստեն անոր կազմակերպչական աշխատանքին:


