Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին արդիւնքներուն լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիա Բ. խմբակին մէջ զտումի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ճափոնի, վերջինիս հետ միասին ապահովեց Ռուսիոյ իր տոմսը:
Աւստրալիա, որ գրաւեց այս խմբակին երրորդ դիրքը, ցարդ դուրս մնացած չէ` նկատի ունենալով, որ փլէյ-օֆի մրցում ունի կատարելիք Ա. խմբակին երրորդ դիրքը գրաւած Սուրիոյ հետ, որ իր կատարած վերջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Իրանի հետ: Վերջինս, որ գրաւեց այս խմբակին առաջին դիրքը, Հարաւային Քորէայի հետ հասաւ աւարտականին: