Մարզական

Պիւֆոն Կրնայ Դառնալ Իտալիոյ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը

Իտալացի գրող եւ արուեստագէտ Վիթորիօ Սքարփի Եուվենթուսի 39 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնին խոստացաւ, Իտալիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնը, սակայն այն պարագային, եթէ իր Վերածնունդ կուսակցութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն: Սքարփի ըսաւ, որ Պիւֆոն համաձայն գտնուած է  իրեն ներկայացած այս առաջարկին: «Ան հաւասարակշռուած անձ մըն է, եւ ֆութպոլիստ ըլլալէ բացի, կը հետաքրքրուի արուեստով եւ քաղաքականութեամբ», ըսաւ Սքարփի: Վերջին շրջանին Պիւֆոն յայտարարեց, որ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ Բացման Մրցումով Կը Սկսի 2-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը կը սկսի ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, երբ տեղի կ՛ունենայ Սաժես - ՀՄԸՄ բացման մրցումը, Ղազիրի մէջ: Մնացեալ մրցումները կը շարունակուին շաբաթ, 21 եւ կիրակի, 22 հոկտեմբերին: Ցարդ յաղթանակ արձանագրած են ՀՄԸՄ, Ռիատի, Սաժես, Պիպլոս եւ Շանվիլ: Յաջորդ շաբաթասկիզբին թէեւ պիտի շարունակուի 3-րդ հանգրուանը, սակայն ՀՄԸՄ մինչեւ կիրակի, 5 նոյեմբեր ախոյեանութեան...

Lebanon-football-federation

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շապապ Մաժտալ Այնճար Ենթարկուեցաւ Բաւական Ծանր Պատիժներու

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք օրակարգին վրայ եղող հարցերը, կազմեց իր մնայուն տարբեր յանձնախումբերը եւ նշանակեց անոնց նախագահները: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան նշանակուեցաւ Պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ, Մազեն Քպէյսի` ազգային խումբերու նախագահ, Մահմուտ Ռըպաա` իրաւարարներու, Ժորժ Սոլաժ` աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի, Մուսա Մաքքի` դաշտերու եւ այլն: Ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք Նըժմէ - Անսար մրցումին...

«Էն. Պի. Էյ.» – 2017-2018 Տարեշրջանը Սկսաւ. Ախոյեան Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Բացման Առաջին Մրցումին

Ուորիըրզ - Ռոքեթց մրցումէն Երէկ` չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, երբ բացման առաջին օրը տեղի ունեցան 2 մրցումներ: Ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հիուսթըն Ռոքեթցը, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 122-121 արդիւնքով (35-34, 36-28, 30-26 եւ 20-34) պարտուեցաւ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտին նշանակեց 27...

Մինի-Ֆութպոլ. «Սփոր Էվազիոն»-ի Կազմակերպած Մրցաշարքը Հասաւ Քառորդ Աւարտական

«Սթատիում» մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ) «Սփոր-Էվազիոն»-ի կազմակերպած մինի-ֆութպոլի 9-րդ մրցաշարքը բաւական ճամբայ կտրելով հասաւ քառորդ աւարտական: Մրցաշարքին կը մասնակցին բազմաթիւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու խումբեր, որոնց կարգին` «Ալֆա», «Նոքիա», «Ֆաթթալ», «Աուտէ» դրամատուն, «Վըրճըն», «Պլոմ» դրամատուն եւ ուրիշներ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Էվըրթըն – Լիոն Եւ Ա. Սէ. Միլան – Աէք Աթէնք

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ, 12 խմբակներու մէջ: Բաւական հետաքրքրական մրցումներ կը խոստանան ըլլալ Ա. Սէ. Միլան - ԱԷՔ Աթէնք եւ Էվըրթըն - Լիոն մրցումները: Այլ կարեւոր տաք ճակատումի մը ընթացքին, Նիս կը հիւրընկալէ Լացիօ Ռոման, մինչ Մարսէյ` Կիմարաէշը: Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը`...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Յաղթական

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն (Բ. խմբակ), որ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Անտըրլեխթի դաշտէն: Նէյմար նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Նոյն խմբակին մէջ, Պայէրն Միւնիխ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սելթիքին: 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Թոմաս Միւլըր նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Իր դաշտէն դուրս, Մանչեսթըր Եունայթըտ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց,...

ՖԻՖԱ-ն Եւս Հետաքննութեան Պիտի Սկսի Փարիզ Սեն Ժերմենի Նախագահին Դէմ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ն եւս նախնական հետաքննութեան պիտի սկսի Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայիֆիի եւ ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէի դէմ, որոնք կ՛ամբաստանուին կաշառակերութեան յանցանքով: Անոնց դէմ հետաքննութեան առաջին անգամ սկսաւ Զուիցերիոյ դատարանը: «Պի-Ին-Մետիա-Կրուփ»-ի նախագահ Խելայիֆիի դէմ կասկածներ կան, որ ան 2018-2030 թուականներու աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւններու (մոնտիալ) հեռարձակման իրաւունքը ստանալու համար կաշառք տուած է...

Լայսթըր Սիթի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով, «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնանկ ընել իրենց կազմին մարզիչը` Քրէյկ Շէյքսփիրը, յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»: 53 տարեկան անգլիացին իր պաշտօնը ստանձնած էր, նախորդ ձմեռ` փոխարինելով իտալացի Քլաուտիօ Ռանիերին, որ իր կարգին պաշտօնանկ եղած էր: Շէյքսփիր, որ նախորդ ամառ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը կնքած էր իր ակումբին հետ, այս տարեշրջանը ձախողութեամբ սկսաւ: Խումբը 8 հանգրուանէ...

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի 5-րդ Մրցում.  Նախարար Աւետիս Կիտանեան Կատարեց Մրցանակաբաշխութիւնը

Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Հեծելարշաւի 5-րդ Մրցում. Նախարար Աւետիս Կիտանեան Կատարեց Մրցանակաբաշխութիւնը

Յովսէփ Գանլըճեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Կրտսերներու Դասակարգին Մէջ Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 5-րդ տարեկան մրցումը` մասնակցութեամբ 38 հեծելանւորդներու, որոնք բաժնուած էին երեք դասակարգերու` մեծեր, կրտսերներ եւ մասթըրզ (40 տարեկան եւ վեր): Անիկա սկսաւ Նահր Մոթէն (Ռումիէի շրջան)` հասնելով Պաապտեթ (11,5 քմ): Յովսէփ Գանլըճեան (կեդրոնը)...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Շռնդալից Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2017-2018 Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Շռնդալից Յաղթանակով Մը Սկսաւ 2017-2018 Տարեշրջանը

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանին իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կազմը երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պէյրութը: Թէեւ ՀՄԸՄ առաջին երկու քորթըրներուն չկրցաւ իրմէ ակնկալուածը տալ, սակայն Բ. կիսախաղին խումբը կրցաւ գտնել իր լաւ խաղարկութիւնը եւ շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրել` 89-68 արդիւնքով (19-20,...

Ուու Շու-Աշխարհի 14-րդ Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Իբրեւ Միջազգային Իրաւարար Մեկնեցաւ Քազան

27 սեպտեմբերին Ուու շուի աշխարհի ախոյեան, փորձառու մարզիչ եւ միջազգային իրաւարար Աւետիս Սերոբեան, մեկնեցաւ Քազան (Ռուսիա)` աշխարհի Ուու շուի 14-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն իրաւարարի դերը ստանձնելու համար: Բնականաբար, միջազգային իրաւարարի պաշտօնը ստանձնելը այդքան ալ դիւրին չէ, ուր մնաց աշխարհի ախոյեանութեան իրաւարար դառնալը, որուն համար կ՛ընտրուին աշխարհի ամբողջ տարածքէն շատ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած իրաւարարներ: Անհրաժեշտ է նշել, որ Սերոբեանի հսկողութեան տակ...

2018-ի Մոնտիալ. Փլէյ-Օֆ-ի Մրցումներ. Իտալիա Իր Դէմ Պիտի Ունենայ Շուէտը

Երէկ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2018-ի մոնտիալին փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Եւրոպայի գօտիին մէջ: Չորս անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Իտալիա իր դէմ պիտի ունենայ քիչ մը դժուար մրցակից մը` Շուէտը: Հիւսիսային Իրլանտայի մրցակիցն է Զուիցերիա, Խրուաթիոյ մրցակիցը` Յունաստան, եւ վերջապէս Դանիոյ մրցակիցը` Իրլանտա: Երթի մրցումները  տեղի պիտի ունենան 9-11 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 12-14 նոյեմբերին: Զուիցերիա, Յունաստան, Իրլանտա եւ Իտալիա...

13 Նոյեմբերին` Հայաստան – Կիպրոս Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 13 նոյեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Հանրապետական մարզադաշտին վրայ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Կիպրոսի դէմ: Նախքան այս մրցումը, հայրենի կազմը 9 նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ Պիելոռուսիան: Յայտնենք, որ սեպտեմբեր 2018-ին սկսելիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ազգային խումբերու լիկայի ախոյեանութեան, Հայաստան մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, մինչ Կիպրոս` Գ. խմբակին: ՖԻՖԱ-ի հրապարակած միջազգային...

Բերդապահը Մահացաւ Իր Խմբակիցին Հետ Բախում Ունենալէ Ետք

Ինտոնեզիական Փերսելա ֆութպոլի խումբի բերդապահ Շոյրուլ Հուտա իր խմբակիցին` Ռամոն Ռոտրիկեզի հետ բախում ունենալէ ետք փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, սակայն այդտեղ մահացաւ: Միջադէպը տեղի ունեցաւ Սեմեն Փականքիի դէմ Ինտոնեզիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումին, Ա. կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը: 38 տարեկան բերդապահը մահացաւ` գլխուն եւ վիզին լուրջ վնասուածքներուն պատճառով: Այս մրցումին անոր կազմը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Չկրցաւ Յաղթել Իր Հիւրին` Թոթենհամին

Լիվըրփուլ Ջախջախեց Մարիպորը (7-0) Ռէալ Մատրիտ - Թոթենհամ մրցումէն Երէկ գիշեր տեղի ունեցան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով ութ ճակատումներ` 4 խմբակներու մէջ: Օրուան մեծագոյն յաղթականը եղաւ Լիվըրփուլ, որ 7-0 արդիւնքով ջախջախեց Մարիպորը` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Նոյն խմբակին մէջ (Ե. խմբակ), իր կարգին Սպարտակ Մոսկուա տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սեւիլլայի դէմ` 5-1 արդիւնքով: ՌԷալ Մատրիտ իր դաշտին...

Թենիս. Շարափովայի Կարեւոր Ոստումը

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին հրապարակած նոր դասաւորման մէջ, ռուս Մարիա Շարափովա, որ Չինաստանի մէջ դարձաւ տիտղոսակիր, կարեւոր ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 57-րդ դիրք: Նախապէս 30 տարեկան Շարափովա, որ կը գրաւէր 86-րդ դիրքը, ունեցաւ 1005 վարկանշային կէտ: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել ռումանացի Սիմոնա Հալեփ (6175)` իր ետին ձգելով սպանացի Կապրին Մուկուրուցան (6135) եւ չեխ Քարոլինա Փլիսքովան (5605): Տղոց պարագային, պարագլուխի դիրքին...

Ֆրանսական Ֆութպոլ. 28 Տարեկան Ֆութպոլիստի Մը Սիրտի Կաթուածը` Բաժակի Մրցումին Ընթացքին

Մարլի Լա Վիլի եւ Վերսայի միջեւ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումը տեւեց միայն 28 վայրկեան, որովհետեւ անիկա կիսատ մնացած է: Մարլի Լա Վիլի 28 տարեկան յետսապահը` Իտրիս, սիրտի կաթուած ունեցաւ, որմէ ետք մրցումը չշարունակուեցաւ: «Լը Փարիզիեն» տեղեկացուց, որ ֆութպոլիստը ուղղաթիռով փոխադրեցին հիւանդանոց, բայց ան ցարդ գիտակցութեան չէ եկած: Մրցումին կայացման նոր թուական մը պիտի ճշդուի յառաջիկայ...

Նիւքասըլ Ծախու Հանուեցաւ

Իր պաշտօնական կայքին միջոցով Նիւքասըլ ֆութպոլի խումբը յայտնեց, որ ակումբը ծախու հանուած է: Ակումբի սեփականատէր Մայք Էշլի սկսաւ փնտռել ներդրողներ (կամ ներդրող), որոնք պատրաստ պիտի ըլլան գնելու ակումբը եւ միջոցներ յատկացնելու անոր զարգացման համար: Էշլի, որ 2007-էն ի վեր Նիւքասըլի սեփականատէրն է, քանի մը առիթներով ակումբին համակիրներուն կողմէ ենթարկուած է խիստ քննադատութիւններու, որովհետեւ անոր օրով խումբը երկու անգամ «Փրեմիեր լիկ»-էն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ կը ճակատի նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Վստահաբար, ՀՄԸՄ-ի համակիրները դաշտը ամբողջութեամբ պիտի ողողեն եւ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեն...

Page 917 of 1278 1 … 916 917 918 … 1,278

Արխիւներ