«Սթատիում» մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ) «Սփոր-Էվազիոն»-ի կազմակերպած մինի-ֆութպոլի 9-րդ մրցաշարքը բաւական ճամբայ կտրելով հասաւ քառորդ աւարտական:
Մրցաշարքին կը մասնակցին բազմաթիւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու խումբեր, որոնց կարգին` «Ալֆա», «Նոքիա», «Ֆաթթալ», «Աուտէ» դրամատուն, «Վըրճըն», «Պլոմ» դրամատուն եւ ուրիշներ:


