Երէկ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2018-ի մոնտիալին փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Եւրոպայի գօտիին մէջ:
Չորս անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Իտալիա իր դէմ պիտի ունենայ քիչ մը դժուար մրցակից մը` Շուէտը:
Հիւսիսային Իրլանտայի մրցակիցն է Զուիցերիա, Խրուաթիոյ մրցակիցը` Յունաստան, եւ վերջապէս Դանիոյ մրցակիցը` Իրլանտա:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 9-11 նոյեմբերին, իսկ դարձի մրցումները` 12-14 նոյեմբերին:
Զուիցերիա, Յունաստան, Իրլանտա եւ Իտալիա երթի մրցումները կը կատարեն մրցակիցի դաշտին վրայ:


