Յովսէփ Գանլըճեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Կրտսերներու Դասակարգին Մէջ
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 5-րդ տարեկան մրցումը` մասնակցութեամբ 38 հեծելանւորդներու, որոնք բաժնուած էին երեք դասակարգերու` մեծեր, կրտսերներ եւ մասթըրզ (40 տարեկան եւ վեր):
Անիկա սկսաւ Նահր Մոթէն (Ռումիէի շրջան)` հասնելով Պաապտեթ (11,5 քմ):

Կրտսերներու դասակարգին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Յովսէփ Գանլըճեան 35′ 16″ արդիւնք մը արձանագրելով ոչ միայն հանդիսացաւ առաջին, այլեւ այս դասակարգին մէջ լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` կոտրելով Էլիաս Ապու Ռաշիտի մրցանիշը (2013):
Նոյն այս դասակարգին մէջ, Կարէն Արաբկիրլեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) հանդիսացաւ երրորդ (43′ 16″):
Մեծերու դասակարգին մէջ, առաջին հանդիսացաւ Ապտալլա Աար (Պայք Լուպնան), որ արձանագրեց 35′ 14″ արդիւնք մը:
Իսկ Մասթըրզի դասակարգին մէջ, Պասսամ Տըննաուի (Պայք Լուպնան) գրաւեց առաջին դիրքը (39′ 00″): 5-րդ դիրքը գրաւեց (46′ 07″) Աւետիս Մուրատեան (ազատ մարզիկ):
Աւարտին նախարար Աւետիս Կիտանեան` ներկայութեամբ Ծատուրեան ընտանիքի անդամներուն, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամներուն եւ այլ անձերու, կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Շնորհաւորելով մրցանակակիրները եւ այս մրցումը հիւրընկալող Պրումմանայի քաղաքապետութիւնը` նախարարը շեշտեց, որ այսպիսի ձեռնարկներ եւ մրցումներ մեծապէս կը նպաստեն զբօսաշրջութեան մարզին զարգացման եւ անոր յառաջխաղացքին:
Կիրակի, 22 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի բաց մրցումը` Թապարժայէն Մար Շարպել-Աննայա:


