Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Աւօ Մումջողլեան` Փոխախոյեան. Նոել Քէշիշեան` Երրորդ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց անհատական մրցումները: Տղոց պարագային, թէեւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Աւօ Մումջողլեան յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, սակայն 4-2 արդիւնքով պարտուեցաւ (11-7, 11-9, 9-11, 9-11, 11-8 եւ 11-6), Ռաշիտ Պըպպոյէն (Ֆետի Աքտաս), որ այսպիսով 11-րդ անգամն ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի...




