Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ կը ճակատի նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Վստահաբար, ՀՄԸՄ-ի համակիրները դաշտը ամբողջութեամբ պիտի ողողեն եւ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեն իրենց կազմը: Անոնք իրենց կողքին պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ յաւելեալ փայլք պիտի տայ այս ճակատումին:
Նոյն ժամուն Շանվիլ եւս կը կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրընկալէ Լուէյզին:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Թատամոն, որ հիւրընկալեց Պիպլոսը, 93-71 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: