Իտալացի գրող եւ արուեստագէտ Վիթորիօ Սքարփի Եուվենթուսի 39 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնին խոստացաւ, Իտալիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնը, սակայն այն պարագային, եթէ իր Վերածնունդ կուսակցութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն:
Սքարփի ըսաւ, որ Պիւֆոն համաձայն գտնուած է իրեն ներկայացած այս առաջարկին:
«Ան հաւասարակշռուած անձ մըն է, եւ ֆութպոլիստ ըլլալէ բացի, կը հետաքրքրուի արուեստով եւ քաղաքականութեամբ», ըսաւ Սքարփի:
Վերջին շրջանին Պիւֆոն յայտարարեց, որ 2018-ի մոնտիալէն ետք պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:


