Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Շապապ Մաժտալ Այնճար Ենթարկուեցաւ Բաւական Ծանր Պատիժներու

Հոկտեմբեր 19, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք օրակարգին վրայ եղող հարցերը, կազմեց իր մնայուն տարբեր յանձնախումբերը եւ նշանակեց անոնց նախագահները:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեան նշանակուեցաւ Պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ, Մազեն Քպէյսի` ազգային խումբերու նախագահ, Մահմուտ Ռըպաա` իրաւարարներու, Ժորժ Սոլաժ` աղջկանց ֆութպոլի յանձնախումբի, Մուսա Մաքքի` դաշտերու եւ այլն:

Ֆետերասիոնը, քննարկելէ ետք Նըժմէ – Անսար մրցումին հետ կապուած հարցերը, որոշեց երեք մրցումով կախակայել Նըժմէն, որ իր երեք մրցումները պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:

Ֆետերասիոնը Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Նըժմէ մրցումին ընթացքին օրուան հսկողին ցուցմունքներ տուող Հիւսէյն Հիժազին ազդարարեց եւ անկէ պահանջեց այլ առիթներով միջամուխ չըլլալ ֆետերասիոնին վերաբերող որեւէ հարցի, այլապէս անկէ պիտի խլուի մարզական լրագրողի իր քարտը:

Ինչ կը վերաբերի Սաժես – Շապապ Մաժտալ Այնճար մրցումին հետ առնչուող հարցերուն, Մաժտալ Այնճար երթի իր բոլոր մրցումները պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս:

Անկէ խլուեցաւ վեց կէտ, 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, մինչ երեք կէտ խլուեցաւ նաեւ Շապապ Ղազիէէն, որ իր պրազիլցի ֆութպոլիստին` Ատրիանօ Քասիմիրոյի վճարումները չէ կատարած:

Այս իրողութենէն մեկնելով, դասաւորման պատկերը այժմ կը պարզէ հետեւեալ վիճակը.

Յ.Հ.Պ.ԿԷՏ
1.- Շապապ Սահել40012
2.- Պըրժ31010
3.- Նասեր Պար Էլիաս2117
4.- Ահլի Սայտա1306
5.- Մապարրա2026
6.- Սաժես2026
7.- Ահլի Նապաթիէ1215
8.- Շապապ Ղազիէ2114
9.- Իժթիմահի1124
10.- ՀՄԸՄ1124
11.- Ամալ Մաարաքէ0040
12.- Շապապ Մաժտալ Այնճար004-6

Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնց յայտագիրը հետեւեալն է.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԺԱՄԴԱՇՏ
Ահտ – Անսար21:45Մարզական Աւան
ՇԱԲԱԹ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ռասինկ – Նեպի Շիթ15:30Պհամտուն
Սալամ Զղարթա – Շապապ Արապի16:00Զղարթա
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ախա Ահլի Ալէյ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի15:30Պհամտուն
Թատամոն Սուր – Թրիփոլի15:30Սուր
Նըժմէ – Սաֆա16:00Սայտա

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Ահլի Սայտա – Մապարրա15:30Սայտա
Սաժես – ՀՄԸՄ15:30Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 21 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Պըրժ – Նասեր Պար Էլիաս15:30Սաֆա
Ահլի Նապաթիէ – Շապապ Սահել15:30Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Մաժտալ Այնճար – Ամալ Մաարաքէ15:30Ահտ
Շապապ Ղազիէ – Իժթիմահի15:30Անսար (հարաւ)

Ֆետերասիոնը մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկեց Նեպի Շիթը, իսկ Անսարը` հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի: Շապապ Մաժտալ Այնճար հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Անոր պատասխանատուներէն Ահմետ Եունես 2 տարիով կախակայուեցաւ, ինչպէս նաեւ ան տասը միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Այլ պատասխանատու մը` Խալետ Աժամի, իր կարգին 2 տարիով կախակայուեցաւ, եւ հինգ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանք ստացաւ: Իսկ ուրիշ մը` Մունիր Ապտել Խալեք, վեց ամիսով կախակայուեցաւ եւ նոյնքան տուգանք ստացաւ:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» – 2017-2018 Տարեշրջանը Սկսաւ. Ախոյեան Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Բացման Առաջին Մրցումին

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ Բացման Մրցումով Կը Սկսի 2-րդ Հանգրուանը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Թայլըր Պէյ Վիրաւորուեցաւ  Եւ ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Թայլըր Պէյ Վիրաւորուեցաւ Եւ ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ

Դեկտեմբեր 12, 2025
Ճատրակ.  Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Դիրքի Վրայ
Մարզական

Ճատրակ. Արամ Յակոբեան Եւ Մարիամ Մկրտչեան` Առաջին Դիրքի Վրայ

Դեկտեմբեր 12, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ».  Արսենալ Կը Շարունակէ Յաղթել,  Փարիզ Սեն Ժերմեն Չկրցաւ Կոլ Նշանակել,  Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Կը Շարունակէ Յաղթել, Փարիզ Սեն Ժերմեն Չկրցաւ Կոլ Նշանակել, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Դեկտեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?