Խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով, «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնանկ ընել իրենց կազմին մարզիչը` Քրէյկ Շէյքսփիրը, յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»:
53 տարեկան անգլիացին իր պաշտօնը ստանձնած էր, նախորդ ձմեռ` փոխարինելով իտալացի Քլաուտիօ Ռանիերին, որ իր կարգին պաշտօնանկ եղած էր:
Շէյքսփիր, որ նախորդ ամառ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը կնքած էր իր ակումբին հետ, այս տարեշրջանը ձախողութեամբ սկսաւ: Խումբը 8 հանգրուանէ ետք, ապահովելով 6 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ դիրքը:


