Իր պաշտօնական կայքին միջոցով Նիւքասըլ ֆութպոլի խումբը յայտնեց, որ ակումբը ծախու հանուած է:
Ակումբի սեփականատէր Մայք Էշլի սկսաւ փնտռել ներդրողներ (կամ ներդրող), որոնք պատրաստ պիտի ըլլան գնելու ակումբը եւ միջոցներ յատկացնելու անոր զարգացման համար:
Էշլի, որ 2007-էն ի վեր Նիւքասըլի սեփականատէրն է, քանի մը առիթներով ակումբին համակիրներուն կողմէ ենթարկուած է խիստ քննադատութիւններու, որովհետեւ անոր օրով խումբը երկու անգամ «Փրեմիեր լիկ»-էն փոխադրուեցաւ Ա. դասակարգ:


