«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ն եւս նախնական հետաքննութեան պիտի սկսի Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայիֆիի եւ ՖԻՖԱ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէի դէմ, որոնք կ՛ամբաստանուին կաշառակերութեան յանցանքով:
Անոնց դէմ հետաքննութեան առաջին անգամ սկսաւ Զուիցերիոյ դատարանը:
«Պի-Ին-Մետիա-Կրուփ»-ի նախագահ Խելայիֆիի դէմ կասկածներ կան, որ ան 2018-2030 թուականներու աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւններու (մոնտիալ) հեռարձակման իրաւունքը ստանալու համար կաշառք տուած է Վալքէի:
Վալքէ 2016-ին 12 տարիով զրկուած էր ֆութպոլի գործունէութեամբ զբաղելէ` 2014-ի մոնտիալին տոմսերու անօրինական վերավաճառքին հետ առնչութիւն ունենալուն պատճառով:


