«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն (Բ. խմբակ), որ 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Անտըրլեխթի դաշտէն: Նէյմար նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը:
Նոյն խմբակին մէջ, Պայէրն Միւնիխ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սելթիքին: 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Թոմաս Միւլըր նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
Իր դաշտէն դուրս, Մանչեսթըր Եունայթըտ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլին շնորհիւ (64-րդ) 1-0 արդիւնքով յաղթեց Պենֆիքային (Ա. խմբակ): Նոյն այս խմբակին մէջ, Մոսկուայի բանակայինները 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին իրենց հիւրէն` Պալէն:
Չելսի, որ հիւրընկալեց Ա. Էս. Ռոման (Գ. խմբակ), արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Հիւր կազմին 2 կոլերը նշանակեց Էտին Ծեքօ: Նոյն խմբակին մէջ, Ղարաբաղ Ֆ. Ք. 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Դ. խմբակին, Պարսելոնա տասը մարզիկով 3-1 արդիւնքով յաղթեց Օլիմփիաքոսին:
Մրցումին 42-րդ վայրկեանին Ժերար Փիքէ օրուան սկովտիացի իրաւարար Ուիլիամ Քոլիւմի կողմէ կարմիր քարտ մը ստացաւ, որովհետեւ իր կոլը նշանակեց… ձեռքով:
Յաղթական կազմին երկրորդ կոլին հեղինակը հանդիսացաւ Լիոնել Մեսսի:
Նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, Եուվենթուս 2-1 արդիւնքով յաղթեց Սփորթինկ Լիզպոնին: Մարիօ Մանծուքիչ նշանակեց Եուվենթուսի յաղթական կոլը (84-րդ):


