«Մարքա» երէկ հաղորդեց, որ սպանական Վալենսիայի գլխաւոր մարզիչ Մարսելինօ Թորալ 2 մրցումով կախակայուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Ֆետերասիոնը այս որոշումին յանգեցաւ` նկատի ունենալով, որ Թորալ Էսփանիոլի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին բաւական դժգոհ մնաց իրաւարարներէն:
Ան պիտի բացակայի Պարսելոնայի (վաղը) եւ Կեթաֆէի դէմ կատարուելիք մրցումներէն: