
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ երէկ գիշեր Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին վրայ (Զուք) հիւրընկալեց Հնդկաստանը, 35 կէտի տարբերութեամբ` 107-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (23-11, 32-16, 30-25 եւ 22-20):
Նշենք, որ այս մրցումը մաս կը կազմէ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին (Գ. խմբակ), եւ որուն արդիւնքներու լոյսին տակ խումբերը կ՛ապահովեն 2019-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսը:
Նշենք, որ Լիբանան իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ 26 նոյեմբերին, երբ Յորդանանի մէջ հիւրը կ՛ըլլայ դաշտին տիրոջ, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց` Ահմետ Իպրահիմ (22), ապա` Պասել Պաուժի (15): Խումբը յաջողեցաւ 33 թրի փոյնթերէն` 14-ը հասցնել իր նպատակին, մինչ ձեռք ձգել` 41 ռիպաունտ:
Մրցումին ընթացքին Լիբանան նոյնիսկ ունեցաւ 44 կէտի առաւելութիւն մը` իր մրցակիցին վրայ (102-58):