
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն, Մայեմի Հիթ յաջողեցաւ կասեցնել յառաջխաղացքը Պոսթըն Սելթիքսի, որ վերջին 16 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր: Սելթիքս կրեց տարեշրջանի իր երրորդ պարտութիւնը` 104-98 արդիւնքով:
Քլիվլենտի մէջ, Քաւալիրզ 119-109 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին, Լեպրոն Ճէյմզ (Քաւալիրզ) նշանակեց 33 կէտ:
Ֆէոնիքս Սանզ, որ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսին, երկարաձգումէն ետք, 113-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քրիս Միտըլթոն նշանակեց 40 կէտ:
Երէկուան մրցումներուն Լոս Անճելըս Քլիփըրզի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Պլէյք Կրիֆին, որ Աթլանթա Հոքսի դէմ (116-103) թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (26 կէտ, 10 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Բաւական արդիւնաւէտ ելոյթ մը ունեցաւ Թիմ Հարտըուէյ, որ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին նշանակեց 38 կէտ: Անոր կազմը` Նիւ Եորք Նիքս, 108-100 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին:
Օքլահոմայի մէջ, Սիթի, 108-91 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեց 34 կէտ, մինչ Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ)` 24 կէտ: