Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» թերթը կը հաղորդէ, որ Պայէրն Միւնիխի մարզիչի պաշտօնէն հեռացուած Քարլօ Անչելոթթի համաձայն գտնուեցաւ ստանձնելու Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
58 տարեկան Անչելոթթի այս գծով բանակցած է Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Միշել Ուվանի հետ, որուն հետ մտերմութիւն ստեղծած է, երբ ան մաս կը կազմէր Փարմային:
Սակայն կը նշուի նաեւ, որ կարգ մը կէտերու շուրջ փոխադարձ համաձայնութիւն չէ եղած եւ կողմերը իրարու հետ անհամաձայն կը թուին ըլլալ:
Հակառակ այս անհամաձայնութեանց, ըստ վերոնշեալ օրաթերթին, իտալացի ֆութպոլի մասնագէտ Անչելոթթի յառաջիկայ ամառ պիտի նշանակուի Իտալիոյ մարզիչ: