«Մարքա» կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր Պրիւքսելի մէջ (Պելճիքա) տեղի ունեցած Անտըրլեխթ – Պայէրն Միւնիխ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած մրցումին, գերմանական ակումբին համակիրները դէպի խաղադաշտ կեղծ թղթադրամներ նետած են` բողոքելով տոմսերուն բարձր սակերուն դէմ:
Հիւրերու թրիպիւնին, այս պարագային Պայէրն Միւնիխի համակիրներուն տոմսերուն գիները հասեր են մինչեւ 100 եւրոյի:
Պայէրն Միւնիխի համակիրները բարձրացուցած են մեծ պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Վերջապէս, բաւարարուա՞ծ էք ձեր ագահութեամբ»:
Իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (2-1), Պայէրն Միւնիխ ապահոված էր յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: