Սպանական Փալմա տէ Մայորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի կրան փրիի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց առաջին դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 3,5 կէտ: Այս հանգրուանին ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց (սեւ քարերով) չին Տին Լիրենի հետ:
5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Արոնեան կը մնայ անպարտելի:
Անոր ետին վեց մասնակցողներ ապահոված են 3-ական կէտ:
Նշենք, որ երէկ հանգիստի օր էր, մինչ մրցաշարքը կ՛աւարտի 25 նոյեմբերին: