Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ իր վերջին փորձերը կը կատարէ եւ իր պատրաստութիւնները կը տեսնէ, իր ամէն կարելին պիտի ընէ վաղը` հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին յաղթանակ մը արձանագրելու Հնդկաստանի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը պիտի ապահովեն աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը: