Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նըժմէ արտակարգ ժողովի մը ընթացքին ընդունեց իր մարզիչին` Ժամալ Հաժի տուած հրաժարականը:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Արմէն Սանամեան նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ` իբրեւ օգնական ունենալով Մոհամետ Իպրահիմը եւ Պիլալ Ֆըլէյֆէլը, մինչեւ նոր մարզիչի մը նշանակումը:
Նըժմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Հաժին, որ խումբին հետ եղաւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին` տալով իր առաւելագոյնը:
Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը որուն նախագահն է Ասաատ Սաքըլ, ընդհանուր քարտուղար` Սաատէտտին Իթանի եւ անդամ Խալիլ Ղոլ, որ պիտի զբաղի նոր մարզիչի մը նշանակման հարցով: