Անտոնեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին նշեալ համալսարանը պայմանագրութիւն մը կնքեց Ֆրանսայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Անոր ներկայ գտնուեցան համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալըխ, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ, Ֆրանսայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան-Փիեռ Սիոնա, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, այլ հրաւիրեալներ, մարզիկներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր առած այս քայլով Անտոնեան համալսարանը կը միտի լաւ մարզիչներ, մարզիկներ եւ իրաւարարներ պատրաստել` գործակցութեամբ Ֆրանսայի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: