Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար, տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մայիս 2018-ին Հռիփսիմէ Խուրշուդեան պիտի վերադառնայ մրցասպարէզ:
Հայաստանի հաւաքականի ծանրաբարձներ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան, Տիգրան Մարտիրոսեան եւ Նորայր Վարդանեան Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կախակայուած էին` խթանիչ դեղերու նմուշներու վերստուգման արդիւնքներուն հիմամբ:
Անոնք Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերէն առաջ որակազրկուեցան եւ զրկուեցան ողիմպիական խաղերուն, Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունքէն:
Նախորդ 16 նոյեմբերին Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի մէկ նիստին ընթացքին սահմանուեցաւ մարզիկներու որակազրկումներուն վերջնաժամկէտը: