Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցաւ Անթուան Ղըրայյեպի անուան պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը:
Կիսաւարտականի մրցումները, որոնք կատարուեցան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ, տուին հետեւեալ արդիւնքները.
Հուփս Պէյրութ – Էներժի` 50-32, Ռիատի – Ռիպաունտ` 70-19 (12 տարեկանէն վար), Էներժի – Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի` 66-49, Մութթահետ – Ռիատի` 57-41 (14 տարեկանէն վար), Էներժի – Շանվիլ` 78-74, Հուփս Պէյրութ – Ռիատի` 64-40 (16 տարեկանէն վար), Ուորիըրզ – Հուփս` 67-61 եւ Նետիմ Սուէյտ Աքատեմի – Շանվիլ` 59-46 (18 տարեկանէն վար):
Այս մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: