Այսօր Կ՛աւարտին
Ա. Հանգրուանի Մրցումները
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ռիատի արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 86-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պոլ Ըպաւ Օլը (17-13, 40-29, 62-43, 86-61):
Ռիատիէն Ամիր Սէուտ նշանակեց 37 կէտ, մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Ալի Հայտար եւ Քրիս Տանիելզ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռիատի գրաւեց Բ. խմբակին երրորդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց թունուզեան Ռատեսի խումբը, մինչ Պոլ Ըպաւ Օլ` չորրորդ դիրքը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակէն չորս խումբեր կ՛ապահովեն յաջորդ քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:
Ա. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այսօր:



