«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 ճակատումներ:
Գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Հիուսթըն Ռոքեթցի, 116-108 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ անոր դաշտէն: Յաղթական կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Փոլ (33), իսկ Ուորիըրզէն` Քեւին Տիւրանթ (26):
Փոխախոյեան Քլիվլենտ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, իր կարգին պարտութիւն մը կրեց, բայց քիչ մը ծանր ձեւով` 148-124 արդիւնքով:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Պոսթըն Սելթիքս – Օրլանտօ Մեճիք
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ