Շարափովա Աւարտեց Իր Ելոյթները
Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցող Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Դ. հանգրուանին իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, շարք մը մարզիկներ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը:

Աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, 6-3, 6-7, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանի դէմ` 3 ժամ 5′ տեւած պայքարէ մը ետք:
Քառորդ աւարտականին 16 կրան շլեմներու տիրացած Նատալ իր դէմ պիտի ունենայ «Եու. Էս. Օփըն»-ի նախկին ախոյեան խրուաթ Մարին Սիլիչը, որ 6-7, 6-3, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց սպանացի Փապլօ Քարենօ Պուսթային:

Աղջկանց 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Քարոլին Վոզնիաքի (Դանիա) 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Մակտալենա Ռիպարիքովայի (Սլովաքիա), մինչ ռուս Մարիա Շարափովա դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք գերմանացի Անճելիք Քերպըրէն:


