«Սքայ Սփորթ»-ի եւ «Տը Կարտիըն»-ի լրագրող Ֆապրիցիօ Ռոմանօ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան եւ լոնտոնեան Արսենալը հասած են ամբողջական համաձայնութեան, եւ շուտով պաշտօնապէս կը յայտարարուի Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին միջնապահին փոխանցման լուրը:
Իսկ «Պի. Պի. Սի.»-ի լրագրող Տէյվիտ Օրնշթայն տեղեկացուց, որ Արսենալն ու Մանչեսթըր Եունայթըտը Մխիթարեանի եւ չիլիցի յառաջապահ Ալեքսիս Սանչեսի փոխանակումը պիտի հաստատեն` այսօր` երկուշաբթի, կամ ամէնէն ուշը երեքշաբթի, որովհետեւ աշխատանքի թոյլտուութիւնները պէտք է թարմացուին:



