Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող տղոց պասքեթպոլի 29-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ եւ նախանցեալ օր տեղի ունեցան երեքական մրցումներ:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ երէկ ճակատեցաւ թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէի դէմ, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեց իր մրցակիցին` 99-80 արդիւնքով (26-19, 18-24, 30-18 եւ 25-19):
Մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով (պարտութեան մը կողքին)` ՀՄԸՄ յաջողեցաւ գրաւել Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Մաքրամ Պըն Ռամատան (14 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Ուոլթըր Հոճ (26 կէտ, 11 էսիսթ):
Սեմ Եանկ նշանակեց 25 կէտ, մինչ Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 19 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), իսկ Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 13 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ):
Իսկ Ռատեսէն ամէնէն շատ կէտ նշանակեց Մոհամետ Հատիտան (17):
Այս մրցումին, ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 31 ռիպաունտ` կատարելով 22 էսիսթ:
Մրցակից կազմը միայն առիթով մը կէտի մը տարբերութեամբ (50-49) գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը, մինչ ՀՄԸՄ, մրցումին տեւողութեան կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 20 կէտի (98-78):
Օրուան իրաւարարներն էին Հասան Հաճի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Մոհամետ Ռայան (Եգիպտոս) եւ Հայսամ Քուճա (Սուրիա):
Շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումներուն Ռիատի, որ կողովի մը տարբերութեամբ յաղթած էր ՀՄԸՄ-ին, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը նոյնինքն թունուզեան Նաժըմ Ռատեսէէն` 82-63 արդիւնքով:
Իսկ Սաժես, որ նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց երկու յաղթանակ, գրաւեց Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Շաբաթ օր Սաժես 96-86 արդիւնքով յաղթեց մարոքեան Սալային, իսկ երէկ` թունուզեան Նաժըմ Սահելիի (92-79):
Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, մրցաշարքին հինգերորդ օրը, Սաժես մրցում չունի կատարելիք, մինչ ՀՄԸՄ աւարտեց Ա. հանգրուանի իր մրցումները:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբ – Նաժըմ Սահելի | 15:00 |
Պոլ Ըպաւ Օլ – Ռիատի | 17:00 |
Մասաքի – Սալա | 19:00 |