Մարզական

Ազգերու Լիկայի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստանի Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը

Երէկ յստակացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մրցումներուն յայտագիրը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Ազգերու լիկայի մրցաշարքի զտումին գծով, որ կը սկսի սեպտեմբերին: Հայաստանի կազմը պիտի մրցի (երթուդարձ) հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. 6 սեպտեմբերին` Լիխթնշթայնի դէմ, 9 սեպտեմբերին` Մակեդոնիոյ դէմ, 13 հոկտեմբերին` Ճիպրալթարի դէմ, 16 հոկտեմբերին` Մակեդոնիոյ դէմ, 16 նոյեմբերին` Ճիպրալթարի դէմ, 19 նոյեմբերին` Լիխթնշթայնի դէմ: Այս մրցաշարքին հանդէս պիտի գան եւրոպական 55...

Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարք. Ֆետերերի Յաղթանակը Եւ Կիսաւարտականի Բոլոր Մասնակցողները

Թենիսի աշխարհի տղոց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը գրաւող զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, երէկ հանդիսացաւ վերջին մասնակիցը, որ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին, 36 տարեկան Ֆետերեր 7-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց չեխ Թոմաս Պերտիչին: Ան կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Հէոն Սհունկը (Հարաւային Քորէա), որ 6-4, 7-6 եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Լեպրոն Ճէյմս` 30 Հազար Կէտ Նշանակած Ամէնէն Երիտասարդ Մարզիկը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմսի կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ 114-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, սակայն Ճէյմս իր նշանակած 28 կէտին շնորհիւ հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ պասքեթպոլիստը (33 տարեկան), որ իր նշանակած կէտերուն ընդհանուր գումարը կը հասցնէ 30 հազարի: Նախապէս այդքան կէտ...

Մասքերանօ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Չինաստանի Մէջ

Պարսելոնայի արժանթինցի յետսապահ Խաւիէ Մասքերանօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Չինաստանի մէջ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը: Անոր նոր խումբը պիտի ըլլայ Հեպէյ Չայնա: Կողմերը փոխադարձ համաձայնութեան եկան 33 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման հարցով: Մասքերանօ իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ այսօր, Էսփանիոլի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Սպանիոյ բաժակ), որմէ ետք հրաժեշտ պիտի տայ Պարսելոնայի համակիրներուն: 2010-ին Լիվըրփուլէն Պարսելոնայի միացած Մասքերանօ...

Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով` Մանչեսթըր Եունայթըտ Կը Գերազանցէ Ռէալ Մատրիտը Եւ Պարսելոնան

«Տելուա» հաշուարկումներու միջազգային ընկերութեան համաձայն, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով աշխարհի յառաջատար ֆութպոլի ակումբն է եկամուտի իմաստով: Նախորդ տարեշրջանին անոր եկամուտը կազմեց 676 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Ռէալ Մատրիտ (674,6 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Պարսելոնա (648,3 միլիոն եւրօ): Փարիզ Սեն Ժերմեն կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ (486,2 միլիոն եւրօ), Եուվենթուս` 10-րդ (405,7 միլիոն եւրօ),...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզիի 11-րդ Պարտութիւնը, Անթունիէի 5-րդ Յաղթանակը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լուէյզի Զուք Մոսպեհ, իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Անթունիէն: Հիւր կազմը յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը` 73-68 արդիւնքով պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը (17-17, 11-12, 23-23, 17-21): Հակառակ անոր որ Թրէյվիս Ֆրանքլին տապըլ տապըլի հեղինակ դարձաւ (23 կէտ, 15 ռիպաունտ), սակայն անոր կազմը` Լուէյզի, չկրցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 7-րդ...

Պասքեթպոլ.  Տուպայի Միջազգային Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերուն Թիւը Ցարդ 10 Է

Պասքեթպոլ. Տուպայի Մրցաշարք. Այսօր ՀՄԸՄ – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային Խումբ

Երէկ երեքշաբթի, 23 յունուարին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին: Այսօր տեղի կ՛ունենան քառորդ աւարտականի, վաղը` կիսաւարտականի, իսկ ուրբաթ օր` աւարտականի ճակատումները: Երէկուան վերջին մրցումին, Սաժես Ա. հանգրուանի իր մրցումները աւարտեց առանց պարտութեան, երբ իր կատարած չորրորդ մրցումին 90-69 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆիլիփեան կղզիներու համալսարաններու խումբին դէմ:...

Ճատրակ.  Կի Եւ Ճիօ Գալուստ Եղբայրները` Առաջին Հրակ Ծատուրեան` Երկրորդ

Ճատրակ. Կի Եւ Ճիօ Գալուստ Եղբայրները` Առաջին Հրակ Ծատուրեան` Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի միութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին վերոնշեալ միութեան ճատրակի ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը: Կի Գալուստ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Կի Գալուստ: Հրակ Ծատուրեան Իսկ անոր ետին երկրորդ հանդիսացաւ Հրակ Ծատուրեան` 5 կէտով: Ճիօ Գալուստ 16-18 տարեկան...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. 24 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Լիբանանի Ազգային Խումբ

Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապիի, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) գումարեց յատուկ ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեց Լիբանանի տղոց ազգային խումբին վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի միանան կազմին` պատրաստուելու համար աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքին: Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք զտումի այս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը,...

Փինկ Փոնկ. 120 Երկսեռ Մարզիկներ Մասնակցեցան Ահլի Սայտայի Կազմակերպած Մրցաշարքին

Կազմակերպութեամբ Ահլի Սայտա ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Սայտայի մէջ տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանեան տարբեր շրջաններու 20 ակումբներէ 120 երկսեռ մարզիկներ: Այդ ակումբներուն կարգին էին` Ահլի Սայտա, Լիուա Սայտա, Լիբանանեան բանակ, Մաանի Սայտա, Ռիատի Պէյրութ, Սարաֆանտ, Մութթահետ, Պարաղեմ Նապաթիէ, Ռիատա Ուալ Ատապ, Պարժա, Քֆարշիմա եւ ուրիշներ: Բաւական հետաքրքրական մրցումներէն...

«Էն. Պի. Էյ.». Տեմարքուս Քուսինս Եւ Պլէյք Կրիֆին` Թրիփըլ-Տապըլ-ի Հեղինակ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 9 ճակատումներէն ամէնէն հետաքրքրականը եւ ուշագրաւը եղաւ Նիւ Օրլինզ - Շիքակօ Պուլզ հանդիպումը, որ աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին` 132-128 արդիւնքով... երկրորդ երկարաձգումէն ետք: Տեմարքուս Քուսինս (աջին) Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս հանդիսացաւ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ (44 կէտ, 24 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Իր կարգին, թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի մաս կազմող...

Համակիրները Քննադատեցին Մանչեսթըր Եունայթըտը` Մխիթարեանի Ծննդեան Տարեդարձը Չշնորհաւորելու Համար

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 21 յունուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշեց իր ծննդեան 29-րդ տարեդարձը: Մխիթարեանի նախկին ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի համակիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին իրենց ակումբին նկատմամբ, կատարելով շարք մը քննադատութիւններ` նկատի ունենալով, որ ակումբը չշնորհաւորեց իր ֆութպոլիստին ծննդեան տարեդարձը: Ակումբին պաշտօնական կայքին վրայ համակիրներուն կողմէ տեղադրուեցան հետեւեալ մեկնաբանութիւնները. «Միթէ այդքան դժուա՞ր էր շնորհաւորանքի քանի մը նախադասութիւն:...

Պասքեթպոլ. Շեպիպեթ Ռիատիի Աղջիկները Մեկնեցան Պարսելոնա

Երէկ` երեքշաբթի, 23 յունուարին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պարսելոնա մեկնեցան Շեպիպեթ Ռիատիի աղջիկները` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար պասքեթպոլի միջազգային Լիկա-Քաթալինա-2018-ի մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ 23-39 յունուարին, Շեպիպեթ Ռիատիի համար պիտի ըլլայ միջազգային առաջին փորձառութիւնը, որուն ընթացքին խումբին մաս կազմող մարզիկները պիտի փորձեն լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել եւրոպական ակումբներու դէմ: Ակումբին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սպանիայէն եկած այս հրաւէրէն...

Մոնտիալի Բաժակը Սկսաւ Իր Շրջագայութեան

Ինչպէս ծանօթ է, յունիս եւ յուլիս ամիսներուն ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալը: Մոնտիալի բաժակը երէկ Լոնտոնէն (Անգլիա) սկսաւ իր շրջագայութեան: Մինչեւ Ռուսիա հասնիլը, անիկա պիտի այցելէ 51 երկիրներ: Առաջին հանգրուանը եղաւ Սրի Լանքայի մայրաքաղաքը` Քոլոմպոն: 7 փետրուարին Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատէն անիկա պիտի հասնի Երեւան, ուրկէ կը մեկնի Թիֆլիս:  

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Չորեքշաբթի, 31 Յունուարին Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 3-4 փետրուարին Լիբանանի թենիսի ազգային խումբը բաւական կարեւոր ճակատումներ ունի կատարելիք Թայփէի դէմ` Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Բ. խմբակ): Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 31 յունուարին յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, «Սմոլ-Վիլ» պանդոկին մէջ (Մաթհաֆ-Պատարօ) կու տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու իմաստով: Լիբանանի ազգային խումբին մաս...

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

Նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի աշխարհին մէջ փոխանցումները չդադրեցան եւ մարզիկներ ունեցան իրենց նոր խումբերը, մինչ ոմանք իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին: - ՀՈԼԱՆՏԱԿԱՆ ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ռոպին Վան Փերսի վերադարձաւ իր նախկին կազմին` կէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ: 34 տարեկան ֆութպոլիստը այս ամսուան սկիզբը խզեց իր պայմանագրութիւնը թրքական Ֆեներպահչէի հետ: Ան 2001-էն 2004 մաս կազմած է Ֆէյէնուրտի եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լուէյզի – Անթունիէ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին տեղի կ՛ունենայ Լուէյզի - Անթունիէ մրցումը` առաջինին դաշտին վրայ: Լուէյզի, որ կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 6 յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն, մինչ 4 յաղթանակ արձանագրած եւ 11 պարտութիւն կրած Անթունիէ կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ:

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Հայաստանի Ախոյեան Եւ Ազգային Հաւաքականի Նոր Անդամ

Կրանտմասթըր Հայկ Մ. Մարտիրոսեան երէկ հանդիսացաւ Հայաստանի ճատրակի 2018-ի ախոյեան` առաւելագոյն 10 կէտէն ապահովելով 7 կէտ: Տիտղոսին տիրանալէ բացի, ան նաեւ ստացաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ հանդէս գալու իրաւունքը: Այս 78-րդ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, ան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռոպերթ Յովհաննիսեանի հետ, որ կէս կէտով ետ մնալով ախոյեանէն, գրաւեց երկրորդ դիրքը: Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Արման Փաշիկեան (6 կէտով): Ինչ կը վերաբերի...

Հենրիխ Մխիթարեան Պաշտօնապէս Դարձաւ Արսենալի Ֆութպոլիստ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 29 տարեկան միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան երէկ` երկուշաբթի, 22 յունուարին, ի վերջոյ պաշտօնապէս դարձաւ Արսենալի ֆութպոլիստ: Անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը նշեց, որ կողմերը իրարու հետ կնքեցին երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն:

Մինի Ֆութպոլի Իրաւարարներու Եւ Մրցումներու Հսկող Անձերու Դասընթացքները Սկսան

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ սկսան իրաւարարներու եւ մրցումներու հսկող անձերու դասընթացքները, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին մէջ (երկրորդ յարկ)` ներկայութեամբ Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ահմետ Տանաշի: Ան ներկաներուն ուղղած իր բարի գալուստի խօսքէն ետք կարեւոր նկատեց այն քայլը, որ անոնք պիտի առնեն ապագային` լիուլի գործադրելով իրենց տրուած ցուցմունքները, մանաւանդ որ այս մարզաձեւը աշխարհի տարածքին հետզհետէ...

Page 879 of 1278 1 … 878 879 880 … 1,278

Արխիւներ