
Սպանացի ֆութպոլի մասնագէտ Խաւի Կարսիա նշանակուեցաւ Ուաթֆորտի գլխաւոր մարզիչ, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը:
47 տարեկան մարզիչը, որ իր նոր կազմին հետ կնքեց 18 ամսուան վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը, այսպիսով կը փոխարինէ փորթուգալցի Մարքօ Սիլվան, որ նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ: