Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան – ամերիկեան համալսարանին, նախորդ շաբաթավերջին «Փրայմ Սփորթց»-ի դաշտերուն վրայ (Հալաթ) աւարտեցան 19-րդ միջդպրոցական խաղերը, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին 52 երկրորդական վարժարաններէ բազմաթիւ երկսեռ աշակերտներ:
Փինկ փոնկի մրցումներուն բաւական տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով` Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Սեւան Չեքմէեան յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական հանգրուան, ուր սակայն պարտուելով տիրացաւ արծաթ մետալին:
Սեւան Չեքմէեան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբին: