Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 20 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Ղազիէն, կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:

Հիւր կազմը իր առաջին կոլը նշանակեց մրցումին 19-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ռամի Ֆաքիհի: Այդ կոլէն ետք, Ժան Քիքի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի (30-րդ):
Մրցումին 70-րդ վայրկեանին, ՀՄԸՄ նշանակեց իր միակ կոլը` շնորհիւ Սերժ Չաքըրեանի (փենալթիով):
Օրուան իրաւարարներն էին Ահմետ Սըայֆան, Ահմետ Համուտա եւ Հայտար Հայտար, իսկ չորրորդ իրաւարարը` Քազեմ Խանսա: