Մարզական

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ախոյեանութեան Մրցումները Յետաձգուեցան

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանանի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենային 16-18 փետրուարին` Արզի մէջ, յետաձգուեցան բաւարար ձիւն գոյութիւն չունենալուն պատճառով: Ինչ կը վերաբերի գլխաւոր ախոյեանութեան, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 23-25 փետրուարին, նոյն պատճառով յետաձգուեցաւ եւ այժմ տեղի պիտի ունենայ 13-15 մարտին:

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբերը` Յաղթական

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբերը` Յաղթական

Տոհայի մէջ (Քաթար) յատուկ բանակում մը կատարող Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ երէկ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց Քաթարի ազգային խումբին դէմ, արձանագրեց 87-59 արդիւնքով յաղթանակ մը: Փաթրիք Սապա ցուցմունքներ կու տայ Լիբանանի մարզիչ Փաթրիք Սապա այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկները: Լիբանանի կրտսերներու կազմը Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (18 տարեկանէն վար), որ երէկ մրցեցաւ...

Պասքեթպոլ.  Դրամատուներու 5-րդ Մրցաշարքի Բացման Հանդիսութիւն

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու 5-րդ Մրցաշարքի Բացման Հանդիսութիւն

Նախորդ շաբաթավերջին Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ դրամատուներու պասքեթպոլի 5-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը: Այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, մինչ զայն կազմակերպողն է «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը: Բացման հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ Սալամէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք: Անոնք շեշտեցին այս մրցաշարքին կարեւորութիւնը` միեւնոյն ժամանակ յաջողութիւն մաղթելով մասնակցող խումբերուն: Բացման մրցումին Կեդրոնական...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում

- Հայաստան Մէկ Դիրք Նահանջեց - Լիբանան Բարձրացաւ 82-րդ Դիրք Երէկ` հինգշաբթի, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը դիրք մը նահանջեց, եւ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 383 կէտ` կը գրաւէ 91-րդ դիրքը: Գերմանիա կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, որուն կը յաջորդեն Պրազիլ եւ Փորթուգալ: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին,...

«Եուրոփա Լիկ». Արսենալի Յաղթանակը Եւ Մխիթարեանի 2 Էսիսթները

Երէկ գիշեր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ` Եւրոպայի տարածքին: Լոնտոնեան Արսենալը, որ Շուէտի մէջ հիւրը եղաւ Օյեսթերսունտսի, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, թէեւ կոլ չնշանակեց, բայց կատարեց երկու էսիսթներ: Ան փոխարինուեցաւ 84-րդ վայրկեանին: Անգլիական մամուլը երէկ անդրադառնալով Մխիթարեանին յայտնեց, որ...

Թենիսի Միջազգային Դասաւորման Մէջ. Լիբանան Բարձրացաւ 58-րդ Դիրք

Թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքէն ետք, որ տեղի ունեցաւ աշխարհի տարածքին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Թայփէի դէմ: Արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան 17 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 58-րդ դիրք` 132 երկիրներուն մէջ: Թայփէ դիրք մը նահանջելով այս կը գտնուի 47-րդ դիրքին վրայ: Լիբանան 2004-էն...

Լիբանանի Ժիւտոյի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մարզական պատասխանատուներու, հրաւիրեալներու եւ մարզիկներու ծնողներու: Այս մրցանակաբաշխութեան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի ներկայացուցիչն էր Ալի Ֆաուազ: Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան մարզիկներուն կատարած նուաճումներն ու յաջողութիւնները` տեղական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ մարզիկներուն մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:  

Պետմինթոն.  Շաբաթավերջին` Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Պետմինթոն. Շաբաթավերջին` Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետմինթոնի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 փետրուարին, Հուփս Հազմիէի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց պետմինթոնի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 77 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն հետեւեալ ակումբները. Մոն լա Սալ, Հուփս Պէյրութ, Ժամհուր, Հուփս Մեթն, Լուէյզի, 1875 (Սեն Ժոզեֆ համալսարան), Սքուատրա եւ Մուժամաա Հարիրի: Անհատական մրցումներէն բացի, տեղի պիտի ունենան նաեւ...

Մանչեսթըր Եունայթըտի Նախկին Ֆութպոլիստը Մահացաւ 36 Տարեկանին

Անգլիական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Լիամ Միլըր մահացաւ 36 տարեկանին: Անոր մօտ նոյեմբեր 2017-ին ի յայտ եկաւ քաղցկեղի հիւանդութիւնը: Ֆութպոլիստը քանի մը ամիս այդ հիւանդութեան դէմ պայքար մղելէ ետք մահացաւ: Ան մաս կազմած է նաեւ Սելթիքի, Լիծ Եունայթըտի, Սանտըրլենտի, Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի եւ Հիպեռնիընի: Ան 2004-ին Սելթիքի հետ հանդիսացաւ Սկովտիոյ...

«Էն. Պի. Էյ.». Քեւին Տիւրանթի Նշանակած 50 Կէտերը Յաղթանակ Չկրցան Ապահովել Ուորիըրզին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք 123-117 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին: Վերջինիս մաս կազմող Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 50 կէտ, մինչ յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմիըն Լիլարտ` 44 կէտ: Այլ մրցումի մը ընթացքին, Նիւ Օրլինզ ծանր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 139-117 արդիւնքով: Անթոնի Տէյվիս...

Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` Աթլեթիքօ Մատրիտի Դաշտին Վրայ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը` Պարսելոնայի եւ Սեւիլլայի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին` «Վանտա Մեթրոփոլիթանօ»-ի մէջ, 21 ապրիլին:

«Վի. Այ. Փի.»-ի Յատուկ Բաժիններ` «Ալիանց Արենա»-ի Մէջ

Գերմանական Պայէրն Միւնիխ ակումբը պայմանագրութիւն մը կնքեց «Մարիոթ»-ի հետ, ըստ որուն, 2019-2020 տարեշրջանէն սկսեալ «Ալիանց Արենա» մարզադաշտին մէջ պիտի սկսին գործել «Վի. Այ. Փի.»-ի յատուկ բաժիններ, ուր զետեղուած պիտի ըլլան անկողին եւ ոգելից ըմպելիի` «ՊԱՐ»-ի յատուկ բաժին մը: Այս «Վի. Այ. Փի.» բաժինները պիտի գործածուին թէ՛ «Պունտըսլիկա»-ի եւ թէ՛ ալ միջազգային մրցումներու ընթացքին:

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 18 Փետրուարին` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սփորթինկ Պաքնայա

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Գ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կիրակի, 18 փետրուարին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սփորթինկ Պաքնայան: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին: Այս մրցումին պիտի կանխէ Պէյրութ - Պլու Սթարզ մրցումը (առաւօտեան ժամը...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Քաթար

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)` 13-19 փետրուարին կատարելու համար յատուկ բանակում մը, ուր պիտի մասնակցի նաեւ պասքեթպոլի բարեկամական երկու մրցումի` Քաթարի ազգային խումբին դէմ: Պատուիրակութեան անդամներն են` Ղազի Պուսթանի (նախագահ), Ժոլեֆ Ապտել Մասիհ (պատասխանատու), Փաթրիք Սապա (մարզիչ), Մարուան Խալիլ (օգնական մարզիչ), Ժատ Մուպարաք (պատասխանատու), Խալիլ Նասսար (բժիշկ), Ֆուատ Ժըրժես (յատուկ մարզանքի մարզիչ), Ալաա Ղաշշամ...

2018-ի Ողիմպիական Փիոնկ Չանկ.  Քէյ Սայթօ` Խթանիչ Դեղեր Գործածած Առաջին Մարզիկը

2018-ի Ողիմպիական Փիոնկ Չանկ. Քէյ Սայթօ` Խթանիչ Դեղեր Գործածած Առաջին Մարզիկը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ լուրին մէջ, երէկ կէսօրին «Պի. Պի. Սի.» յայտնեց, որ ճափոնցի Քէյ Սայթօ զրկուեցաւ Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիականի խաղերուն շորթ թրեքի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունքէն` նկատի ունենալով, որ անոր վրայ կատարուած` խթանիչ դեղերու գործածութեան վերաբերող քննութեան արդիւնքները տուած են դրական պատասխան: Շինքի Քնեքթ (ձախին) Այսպիսով, 21 տարեկան մարզիկը դարձաւ այս...

Նախկին Ֆութպոլիստ Խալետ Համիէ Կը Միանայ Մինի-Ֆութպոլի Ընտանիքին

Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ լիբանանցի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Խալետ Համիէ շաբաթասկիզբին միացաւ Չելընճ Պէյրութ ակումբին, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան այսպիսով մուտք կը գործէ մինի-ֆութպոլի ընտանիքին մէջ` մասնակցելու համար մինի-ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Անոր տեղափոխման մասին պաշտօնապէս յայտարարեց անոր նոր ակումբին նախագահը` Իկըլ Զըրրիք: Նախորդ շաբաթ Չելընճ Պէյրութ իր կազմին միացուցած էր այլ անուանի ֆութպոլիստ մը` Մոհամետ Հալաուին:

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն «Տաք» Ճակատումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 14 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ «տաք» ճակատում մը, որուն ընթացքին «Սանթիակօ Պեռնապէօ» իր մարզադաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Այս մրցումը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նոյն ժամուն, Լիվըրփուլ հիւրը պիտի ըլլայ Փորթոյի: Մատրիտի մէջ կատարուելիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամի Յաջորդ Մենամարտը` 28 Ապրիլին

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է: Մէջբերելով 38 տարեկան կռփամարտիկին խօսքերը` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ շատ հաւանական է, որ Աբրահամ քանի մը մենամարտ ետք աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, բայց մնայ...

Մասնակցութեամբ 62 Վարժարաններու. Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Դպրոցական 7-րդ Խաղերը Աւարտեցան

Կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան դպրոցական 7-րդ խաղերը, որոնք կատարուեցան համալսարանի դաշտերուն վրայ` երկու շաբաթավերջերու տեւողութեամբ: Սոյն խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն 62 վարժարաններու 2433 երկսեռ աշակերտներ: Վոլիպոլի մրցումներուն տիտղոսակիր դարձան Լուէյզի (տղաք) եւ Սապիս (աղջիկներ): Ֆութսալի մրցումներուն առաջին հանդիսացան Անթունիէ Ղազիր (տղաք) եւ Վալ Փեր Ժաք (աղջիկներ): Հենտպոլի պարագային, Ժամհուրի տղոց եւ աղջկանց կազմերը դարձան...

Դահուկարշաւ. 16-18 Փետրուարին Կրտսերներու Ախոյեանութիւն` Արզի Շրջանին Մէջ

Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 16-18 փետրուարին Արզի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը` կրտսերներու դասակարգին մէջ: Նախ տեղի պիտի ունենան 2004-2005-ի ծնունդ դասակարգի, ապա 2002-2003-ի ծնունդ դասակարգի մրցումները: Իւրաքանչիւր ակումբ իրաւունք ունի մասնակցելու վեց մարզիկով` իւրաքանչիւր դասակարգի մէջ: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 14 փետրուար, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը: Արձանագրութիւնը կը կատարուի ֆետերասիոնին հետ կապի...

Page 871 of 1278 1 … 870 871 872 … 1,278

Արխիւներ