Լիբանանեան մարզական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ լիբանանցի նախկին անուանի ֆութպոլիստ Խալետ Համիէ շաբաթասկիզբին միացաւ Չելընճ Պէյրութ ակումբին, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան այսպիսով մուտք կը գործէ մինի-ֆութպոլի ընտանիքին մէջ` մասնակցելու համար մինի-ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Անոր տեղափոխման մասին պաշտօնապէս յայտարարեց անոր նոր ակումբին նախագահը` Իկըլ Զըրրիք:
Նախորդ շաբաթ Չելընճ Պէյրութ իր կազմին միացուցած էր այլ անուանի ֆութպոլիստ մը` Մոհամետ Հալաուին:


