Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 16-18 փետրուարին Արզի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանը` կրտսերներու դասակարգին մէջ:
Նախ տեղի պիտի ունենան 2004-2005-ի ծնունդ դասակարգի, ապա 2002-2003-ի ծնունդ դասակարգի մրցումները:
Իւրաքանչիւր ակումբ իրաւունք ունի մասնակցելու վեց մարզիկով` իւրաքանչիւր դասակարգի մէջ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է չորեքշաբթի, 14 փետրուար, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ը: Արձանագրութիւնը կը կատարուի ֆետերասիոնին հետ կապի մէջ մտնելով:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ կրտսերներու այս ախոյեանութեան մարզիկներուն ապահոված կէտերը նկատի պիտի առնուին ապագային հրապարակուելիք կէտերու դասաւորման մէջ:
Հինգշաբթի, 15 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Ուայթ Սիտըրզ»-ի մէջ, ֆետերասիոնը յատուկ ժողով մը պիտի գումարէ մասնակցող խումբերուն պատասխանատուներուն հետ:


