Մարզական

Թեքուանտօ. Լուէյզի Ակումբի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 70 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ թեքուանտոյի անոր ներքին մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 70 երկսեռ մարզիկներ: Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Լուէյզի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիսի, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջունելով ներկաները յաջողութիւն մաղթեց մասնակցող մարզիկներուն: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մարզիկներուն ծնողներուն:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ռիատի Քֆարմաթթան, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ այժմ 6 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մրցում մը եւս ունի կատարելիք, որմէ ետք մրցումները կ՛աւարտին: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   ԿԷՏ 1.- ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջկանց Խումբը` Յաղթական

Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք կը կատարուին նաք-աութի դրութեամբ: Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 20 կէտի տարբերութեամբ` 68-48 արդիւնքով յաղթանակ մը` Տէյր Ահմար խումբին դէմ: Յաջորդ մրցումին թուականը եւ մրցակիցին անունը ցարդ յստակ չեն: Կը կարծուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին անոնք կը յստականան: ՀՄԸՄ Պէյրութի...

2018-ի Ողիմպիականի Խաղեր. Փիոնկ Չանկ. Գերմանիա Կը Շարունակէ Պահել Մետալներու Ընդհանուր Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն, երէկ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ Գերմանիա: Երկրորդ դիրքին վրայ է Հոլանտա, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Նորվեկիա: Քանատայի կազմը Մինչեւ երէկուան մրցումները 17 երկիրներ տիրացած են մետալներու: Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն պայքարի մէջ կը մտնեն Հայաստանի 2 ներկայացուցիչները: Սփրինթի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Եուվենթուս – Թոթենհամ. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Բաւական երկար հանգիստէ մը ետք, այսօր` երեքշաբթի, 13 փետրուարին տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները, երբ կը կատարուին 1-16-րդ հանգրուանի երթի ճակատումները: Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: Այս հանգրուանի մնացեալ ճակատումները կը կատարուին 20 եւ 21 փետրուարին: Ստորեւ` այսօրուան եւ վաղուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Պալ - Մանչեսթըր Սիթի 21:45 Եուվենթուս - Թոթենհամ 21:45 ՎԱՂԸ...

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականին Անդամները Կը Մասնակցին «Այրոֆլոթ Օփըն»-ի Մրցաշարքին

19 փետրուարէն 2 մարտ Մոսկուայի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Այրոֆլոթ օփըն»-ի ճատրակի միջազգային փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի հաւաքականին շարք մը անդամները: Գլխաւոր` Ա. մրցաշարքին կը մասնակցին Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Արման Միքայէլեան, Արամ Յակոբեան եւ Շանթ Սարգսեան: Բ. մրցաշարքին կը մասնակցին Տիգրան Յարութիւնեան, Յովիկ Հայրապետեան, Տիգրան Քոթանճեան, Դաւիթ Միրզոյեան եւ Յովհաննէս Յակոբեան: Իսկ Գ. մրցաշարքին...

Հայկական Ֆութպոլ. Գէորգ Օհանեան Միացաւ Արարատին

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Արարատ պայմանագրութիւն մը կնքեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեանի հետ: Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արարատ - Լոռի մրցումէն ետք, 26 տարեկան միջնապահը պաշտօնապէս միացաւ մայրաքաղաքի կազմին:

Ֆութսալ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Փորթուգալ Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը: Փորթուգալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ աւարտականին յաղթեց գործող ախոյեան Սպանիոյ` 3-2 արդիւնքով, երկարաձգումէն ետք: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ: Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ռուսիա, իր երրորդ դիրքի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին:

«Էն. Պի. Էյ.». Պլէյզըրզ Պարտուեցաւ` Հակառակ Լիլարտի Նշանակած 39 Կէտին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, հակառակ անոր որ Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 39 կէտ, սակայն անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 115-96 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Եութա Ճեզէն: Պոսթընի մէջ, Սելթիքս պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Քլիվլենտ Քաւալիրզէն, 121-99 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմս (Քաւալիրզ) բաւականացաւ միայն 24 կէտ արձանագրելով: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Շարլոթ Հոռնեթց...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Ծանր Պարտութիւն Մը Մապարրայէն` 4-0 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 10 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մապարրան, կրեց 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ-ի կազմը` շաբաթ օրուան մրցումին Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ապտել Ազիզ Նըտայ (4-րդ եւ 83-րդ), Հասան Խաթուն (31-րդ) եւ Ճեքի Ամպաքի (34-րդ): Օրուան իրաւարարներն էին Ահմետ Տամըժ, Մահմուտ Ռամատան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ուրբաթ, 9 փետրուարին կատարեց իր առաջին մրցումը, երբ մրցեցաւ Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը Լուսանկարը Տրամադրեց ՃՕ ՇԱՄԱԱ Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 60-56 արդիւնքով: Այսպիսով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրեց տարեշրջանի իր առաջին...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժամհուր` 9-0

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ շաբաթ օր Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Ժամհուրի դէմ, արձանագրեց 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան, Հայկ Խաչերեան (3-ական կոլ), Աւօ Տոնպուրեան (2 կոլ) եւ Սերժ Տօնապետեան: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ բարելաւեց իր դիրքը դասաւորման մէջ:

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նահտա Շուէյֆաթ` 10-0

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցեցաւ Նահտա Շուէյֆաթի դէմ, արձանագրեց 10-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ Պէյրութի կատարած մրցումէն ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Պասել Ֆաքիհ (3 կոլ), Էլիօ Պու Ղազալէ (2 կոլ), Սագօ Մոսկոֆեան, Երուանդ Մանասերեան, Փիեռ Քազզի, Յակոբ Յակոբեան եւ Խաչիկ Սերոբեան (մէկական կոլ):

Պասքեթպոլ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Յորդանան

Շաբաթ, 10 փետրուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի կրտսերներու 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը մեկնեցաւ Ամման (Յորդանան)` իր մասնակցութիւնը բերելու Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն: Լիբանան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Յորդանանը, Իրանը, Սուրիան եւ Իրաքը: Առաջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութիւնը. Սելիմ Ֆաուալ (նախագահ), Մարք Քըզահ (պատասխանատու), սերպ Վինքօ Պաքիթիչ (մարզիչ), Ռապիհ Ֆրանսիս (օգնական մարզիչ),...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի, Ռիատի, Պիպլոս Եւ Շանվիլ Յաղթեցին

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան չորս ճակատումներ` Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Լուէյզի - Անթունիէ 78-64 Մութթահետ - Պիպլոս 87-89 Ռիատի - Պէյրութ 95-64 Սաժես - Շանվիլ 85-106

2018-ի Ողիմպիական. Փիոնկ Շանկ. Ձմեռնային 23-րդ Խաղերը Սկսան Մեծ Խանդավառութեամբ

Շաբաթ, 10 փետրուարին ազդանշանը տրուեցաւ 23-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն` հարաւային քորէական Փիոնկ Շանկ քաղաքին մէջ: Այս տարի 15 մարզաձեւերուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 92 երկիրներէ 2925 երկսեռ մարզիկներ, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը` ձմեռնային այս խաղերուն մէջ: Առաջին ոսկի մետալին տիրացաւ Շարլոթ Քալա (Շուէտ), որ դահուկարշաւի աղջկանց 7,5 քմ + 7,5 քմ սքիաթլոնին արձանագրեց 40" 44' 9 արդիւնք...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոն-Միջազգային Իրաւարարներ Դրական Ժողով

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ ժողով մը` ֆետերասիոնին կարգ մը անդամներուն եւ լիբանանցի միջազգային իրաւարարներուն միջեւ: Այս ժողովին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապի: Ժողովականները այս հանդիպումը որակեցին դրական` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ իրաւարարներուն: Սակայն միջազգային...

Չինաստանի Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Մեծ Գովասանքով Արտայայտուեցաւ Աւետիս Սերոբեանի Եւ Անոր Օգնականներուն Մասին

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը կազմակերպեց 2018 թուականի իր երկրորդ ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 200 երկսեռ մասնակցողներ: Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ տեղի ունեցած մրցումներուն իրաւարարներուն կարգին էին երեք հայեր` Աւետիս Սերոբեան, Յակոբ Գայապալեան եւ Վիգէն Տեմիրճեան: Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին անդամներէն բացի, այս ախոյեանութեան ներկայ...

«Ռետ-Պուլ»-ի Օդային Մրցումին.  Ամերիկացի Մայքըլ Ժուլիըն  Հանդիսացաւ Առաջին

«Ռետ-Պուլ»-ի Օդային Մրցումին. Ամերիկացի Մայքըլ Ժուլիըն Հանդիսացաւ Առաջին

Նախորդ շաբաթավերջին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) 11-րդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի օդային մրցումը, որ կատարուեցաւ բաւական հետաքրքրական մրցակցութեան մթնոլորտի մը մէջ: Ամերիկացի Մայքըլ Ժուլիըն (1968-ի ծնունդ) «Մասթըրզ»-ի դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին` 2009-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ճափոնցի Եուշիհիտի Մուրուպա (1973-ի ծնունդ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց չեխ Մարթին Սոնքա (1978-ի ծնունդ): Յայտնենք,...

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոն. Աւօ Մումջողլեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

23 փետրուարին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը պիտի գումարէ իր տարեկան համագումարը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացնէ իր վարչական եւ ելեւմտական տեղեկագիրները: Այս համագումարը տեղի պիտի ունենայ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Ֆետերասիոնին կազմակերպած 2018 տարեշրջանի առաջին ախոյեանութիւնը կը սկսի 6 - 10 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու խմբային ախոյեանութեան մրցումները: Այս ախոյեանութեան պիտի յաջորդեն նաեւ այլ մրցաշարքեր...

Page 872 of 1278 1 … 871 872 873 … 1,278

Արխիւներ