Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՊԻ. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Մէջբերելով 38 տարեկան կռփամարտիկին խօսքերը` Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ շատ հաւանական է, որ Աբրահամ քանի մը մենամարտ ետք աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը, բայց մնայ մարզաշխարհին մէջ:
Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին կը գտնուէր Հայաստան, ուր ներկայ եղաւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան աւարտական ճակատումներուն:



