Երէկ գիշեր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ` Եւրոպայի տարածքին:
Լոնտոնեան Արսենալը, որ Շուէտի մէջ հիւրը եղաւ Օյեսթերսունտսի, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, թէեւ կոլ չնշանակեց, բայց կատարեց երկու էսիսթներ: Ան փոխարինուեցաւ 84-րդ վայրկեանին:
Անգլիական մամուլը երէկ անդրադառնալով Մխիթարեանին յայտնեց, որ Արսենալի միանալէն ետք ան 243 վայրկեանի ընթացքին կատարած է 5 էսիսթ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 22 փետրուարին:



