Կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանին, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան դպրոցական 7-րդ խաղերը, որոնք կատարուեցան համալսարանի դաշտերուն վրայ` երկու շաբաթավերջերու տեւողութեամբ:
Սոյն խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութէն եւ Լեռնալիբանանէն 62 վարժարաններու 2433 երկսեռ աշակերտներ:
Վոլիպոլի մրցումներուն տիտղոսակիր դարձան Լուէյզի (տղաք) եւ Սապիս (աղջիկներ):
Ֆութսալի մրցումներուն առաջին հանդիսացան Անթունիէ Ղազիր (տղաք) եւ Վալ Փեր Ժաք (աղջիկներ):
Հենտպոլի պարագային, Ժամհուրի տղոց եւ աղջկանց կազմերը դարձան տիտղոսակիր:
Պասքեթպոլի մրցումներուն տիտղոսակիր դարձան Լուէյզի (տղաք) եւ Իտոֆայշըն (աղջիկներ):
Վերոնշեալներէն բացի տեղի ունեցան նաեւ պետմինթընի, փինկ փոնկի, վազքի եւ լողարշաւի մրցումներ ալ:
Աւարտական մրցումներէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ համալսարանին կողմէ:



