Թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքէն ետք, որ տեղի ունեցաւ աշխարհի տարածքին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Թայփէի դէմ:
Արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան 17 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 58-րդ դիրք` 132 երկիրներուն մէջ: Թայփէ դիրք մը նահանջելով այս կը գտնուի 47-րդ դիրքին վրայ:
Լիբանան 2004-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով դասաւորման մէջ կը գրաւէ այսպիսի բարձր դիրք:
Ինչ կը վերաբերի արաբական երկիրներու դասաւորման, 58 երկիրներուն մէջ Լիբանան կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` Մարոքի ետին:
Շրջանցելով Թայփէի արգելքը` այժմ Լիբանանի տղոց կազմը կը պատրաստուի 7-8 ապրիլին Հոնկ Քոնկի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ նոյնքան կարեւոր պիտի ըլլայ դասաւորման մէջ վերելք արձանագրելու իմաստով:



