Մարզական

Պասքեթպոլ. Հուփսի Կազմակերպած Մինի Պասքեթին Մասնակցեցան 300 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Հուփսի ակադեմիային, նախորդ շաբաթավերջին անոր Հազմիէի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ մինի պասքեթի առաջին տարեկան պասքեթպոլի մրցաշարքը, մասնակցութեամբ աւելի քան 300 երկսեռ մարզիկներու, որոնք մասնակցեցան 10 եւ 12 տարեկանէն վար դասակարգերու մրցումներուն: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ ակումբները. Սաժես, Շանվիլ, Անդրանիկ, Թաատոտ, Էներժի Զուք, Հուփս Պէյրութ, Հուփս Միշել Մըր - Պաուշրիէ եւ Հուփս Հազմիէ: Մրցաշարքին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի 2017-2018 Տարեշրջանը Որոշեց Շարունակել Առանց Իր Օտար Մարզիկներուն

Նախանցեալ օր Լուէյզի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը պիտի շարունակէ... առանց իր օտար մարզիկներուն: Այս որոշումը տրուեցաւ, որովհետեւ Լուէյզի որոշեց այդքան հսկայական գումարներ չծախսել իր օտարականներուն վրայ: Նիւթական պատճառով ակումբը յանգեցաւ այս եզրակացութեան, եւ այնպէս կը թուի, որ խումբը վերջին տարեշրջանն ըլլալով կը մնայ Ա. դասակարգին մէջ, հակառակ անոր որ այս տարեշրջանին անիկա...

27 Փետրուարին` «Ինթեր Աքատեմի Լիբանան»-ի Մամլոյ Ասուլիսը

Լիբանանի մէջ իրագործուող «Ինթեր Աքատեմի» ծրագիրի նախագահ Շերիֆ Ուըհպի, ինչպէս նաեւ Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբի փոխնախագահ Խաւիէ Զանեթթի` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի, երեքշաբթի, 27 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, կու տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնան Լիբանանի մէջ սկիզբ առնելիք այդ ծրագիրին: Մամլոյ այս ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Սամըրլենտ» պանդոկի (Ժընահ) «Ուոլթց Պոլրում»-ի սրահին մէջ:

Փիոնկ Չանկ-2018

- Գերմանիա Նահանջեց 2-րդ Դիրք - Ռուս Աթլեթները 2 Մետալի Տիրացան Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն 9-րդ օրը, երէկ Գերմանիա ընդհանուր դասաւորման մէջ նահանջեց 2-րդ դիրք` նկատի ունենալով, որ ոսկի մետալի չտիրացաւ: Նորվեկիա, որ տիրացաւ 2 ոսկի մետալի, գրաւեց առաջին դիրքը: Երրորդ դիրքին վրայ է Հոլանտա: Ողիմպիականի ռուս աթլեթներ անունին տակ հանդէս...

Թենիս. Ֆետերեր Յաղթեց Եւ Գրաւեց Աշխարհի Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռոթերտամի թենիսի միջազգային մրցաշարքին, ապահովելով կիսաւարտականի իր տոմսը, դարձեալ պիտի գլխաւորէ պարագլուխի դիրքը տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման, որ պիտի հրապարակուի այսօր: 36 տարեկան Ֆետերեր, որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց հոլանտացի Ռոպեն Հաասի դէմ (4-6, 6-1 եւ 6-1)` 1 ժամ 19 վայրկեանի ընթացքին, այսպիսով թենիսի պատմութեան մէջ կը դառնայ ամէնէն տարիքոտ թենիսմենը...

Եւրոպական Ֆութպոլ

- Պարսելոնա Շարունակեց Մնալ Անպարտելի Միակ Խումբը - Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ` 3-5 Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը, երբ Լուիս Սուարեզի (16-րդ) եւ Եորտի Ալպայի (88-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Էյպարի: Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ մրցումը աւարտեցաւ կոլերով...

Քրուս Վիրաւոր

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին երթի մրցումին վիրաւորուեցաւ, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել անոր դաշտին վրայ տեղի ունենալիք դարձի մրցումին (6 մարտ): Գերմանացի 28 տարեկան միջնապահը այս տարեշրջանին իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 28 մրցում, նշանակած 4 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:

Մեսսիի Նոր Մրցանիշը

Քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանին Էյպարի դէմ արձանագրուած յաղթանակէն ետք (2-0) կոլային փոխանցումներու (էսիսթ) նոր մրցանիշ մը հաստատեց: Այսպիսով, արժանթինցին իր տրամադրութեան տակ ունի 147 կոլի փոխանցում, որուն համար պահանջուեցաւ 406 մրցում: Ան այս ձեւով գերազանցեց Մատրիտի նախկին միջնապահ Միշել Կոնզալեսը, որ 1996-ին նոյնպէս 147 էսիսթ կատարեց, բայց 404 մրցումի ընթացքին: Մեսսի այս տարեշրջանին ցարդ կատարած...

Հայաստանի Խումբին Մարզիկը Նուաճեց Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Մը

Գեղարուեստական մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի անդամ Եուլիա Վոտոփիանովա Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած վարկանշային մրցաշարքին նուաճեց 2018-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունենալիք պատանեկան ողիմպիական խաղերու տոմս մը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Ան գրաւեց 6-րդ դիրքը` մասնակցող 56 մարզիկներու մէջ: Պուէնոս Այրեսի պատանեկան ողիմպիական խաղերը տեղի կ՛ունենան 6-18 հոկտեմբեր 2018-ին:

Միշել Տէր Զաքարեան 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան, Լիոնի դէմ իր կազմին կատարած մրցումէն ետք քննադատեց «Լիկ-1-»-ը` նշելով, որ երբ մեծ ակումբներու մարզիկները Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») մրցումներուն «Կու լան», իրաւարարները անոնց անմիջապէս փենալթի կու տան: «Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք («Չեմփիընզ լիկ», իրաւարարներուն դէմ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Էմերիի բողոքը եղաւ քիչ մը ծիծաղելի որովհետեւ ներքին ախոյեանութիւններուն անոնք բաւական գոհ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերու Մրցումներուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 18 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, երբ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) կը մրցի Աֆաք խումբին դէմ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն յաղթելու համար իրենց մարզիկին` դասաւորման մէջ աւելի բարձր դիրքերու հասնելու համար: ՀՄԸՄ մրցում մը նուազ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես Մրցումը Սաֆայի Դաշտին Վրայ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 17 փետրուարին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ կը մրցի Սաժեսի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի երեք կէտ խլել իրենց մրցակիցէն, մինչ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի կազմը 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ վաղը` կիրակի, 18...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Այսօր` Մինի Ֆութպոլ. Վաղը` Փինկ Փոնկ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2017-2018 տարեշրջանը կը սկսի մինի ֆութպոլի մրցումներով, որոնք տեղի կ՛ունենան այսօր, յետմիջօրէի ժամը 14:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Վաղը` կիրակի, 18 փետրուարին, տեղի պիտի ունենան փինկ փոնկի մրցումները, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի Սերժ Թովմասեան սրահին մէջ: Մրցումները կը սկսին ժամը 13:00-էն սկսեալ: Անոնք կ՛աւարտին ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Էյպար - Պարսելոնա. Վաղը` Ա. Սէ. Միլան - Սամտորիա Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, սովորականին նման պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր պարագլուխի դիրքին համար պայքար մղող խումբերուն համար, բացի Անգլիայէն, ուր տեղի պիտի ունենան բաժակի մրցաշարքին վերաբերող ճակատումներ: Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով, փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը)....

Մարզական Կարճ Լուրեր

Կարճ Լուրեր` Լիբանանեան Պասքեթպոլէն

«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հակառակ անոր որ Ռիատի Պէյրութի նախկին ընդհանուր քարտուղար Մազեն Թապպարա բոլոր անդամներուն կողմէ կանաչ լոյս ստացած է ակումբի նախագահ ընտրուելու, սակայն կը նշուի նաեւ, որ քանի մը այլ անուններ եւս կան այդ պաշտօնին համար: Շատ հաւանական է, որ այս շաբաթավերջին կամ ամէնէն ուշը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին վերջնականապէս յստականայ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ակումբի նախագահը: Այլ գետնի...

Թենիս. Ռեմոն Քաթթուրա Նշանակուեցաւ Լիբանանի Ազգային Խումբերու Տնօրէն

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ լիբանանցի նախկին մարզիկ եւ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի նախկին մարզիչ Ռեմոն Քաթթուրա նշանակուեցաւ Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն: Ռեմոն Քաթթուրա (ձախին) եւ Օլիվըր Ֆայսալ Յայտնենք, որ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Փաթրիք Մոհպաթ իր կարգին կը վարէ այս պաշտօնը` իր ընտրութենէն ի վեր (2016): Ֆետերասիոնի այս նիստը տեղի ունեցաւ անոր կեդրոնատեղիին մէջ (Տըպպայէ)` ֆետերասիոնի նախագահ...

Պիւֆոն Եւ Պալոթելլի Պիտի Հրաւիրուին Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Պիւֆոն Եւ Պալոթելլի Պիտի Հրաւիրուին Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփորթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար Լուիճի Տի Պիաճիօ, յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցումներուն համար իր կազմին միանալու պիտի հրաւիրէ Եուվենթուսի 40 տարեկան բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնը եւ ֆրանսական Նիսի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլին: Լուիճի Տի Պիաճիօ Իտալիա 23 մարտին կը մրցի Արժանթինի դէմ, իսկ 27 մարտին` Անգլիոյ դէմ: Իտալիոյ...

Փիոնկ-Չանկ-2018.  Գերմանիա Մնաց Առաջին` Թէեւ Երէկ Ոչ Մէկ Մետալի Տիրացաւ

Փիոնկ-Չանկ-2018. Գերմանիա Մնաց Առաջին` Թէեւ Երէկ Ոչ Մէկ Մետալի Տիրացաւ

Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն 7-րդ օրը` երէկ, թէեւ Գերմանիա ոչ մէկ մետալի տիրացաւ, սակայն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ: Հարաւային քորէացի Եուն Սունկ-Պին, Միացեալ Քորէայի համար ապահովեց այս ողիմպիականին երկրորդ ոսկի մետալը, երբ տղոց սքելեթոնի մրցումներուն գրաւեց առաջին դիրքը: Շուէտացի Ֆրիտա Հենստոթեր շահեցաւ աղջկանց սլալոմի մրցումը, մինչ առաջին դիրքը գրաւելու թեկնածու, ամերիկացի Միքայէլա...

Ա. Սէ. Միլան – «Ատիտաս» 20 Տարուան Համագործակցութեան Դադրեցում

Իտալական Ա. Սէ. Միլան ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ ակումբին հովանաւորը պիտի ըլլայ «Փումա»-ն: Այսպիսով, Ա. Սէ. Միլան կը դադրեցնէ 20 տարուան (1998-էն սկսեալ) իր համագործակցութիւնը «ԱՏԻՏԱՍ»-ի հետ: Երկու կողմերուն միջեւ 19,7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ պայմանագիրը թէեւ նախատեսուած է մինչեւ 2023, սակայն երկու կողմերը որոշեցին այդ պայմանագիրը խզել յունիս 2018-ին: Ըստ իտալական մամուլին, գերմանական ընկերութիւնը որոշեց այս պայմանագրութիւնը...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Զոյգերը Յստակացան

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին կատարեց Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն վիճակաձգութիւնը: Պայէրն Միւնիխ հիւրը պիտի ըլլայ Պայէր Լեւերքուզընի, մինչ Շալքէ պիտի հիւրընկալէ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթը: Կիսաւարտականի այս ճակատումները տեղի պիտի ունենան 17 եւ 18 ապրիլին: Նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրը` Պորուսիա Տորթմունտ, չկրցաւ մրցաշարքը շարունակել:

Page 870 of 1278 1 … 869 870 871 … 1,278

Արխիւներ