Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ լուրին մէջ, երէկ կէսօրին «Պի. Պի. Սի.» յայտնեց, որ ճափոնցի Քէյ Սայթօ զրկուեցաւ Հարաւային Քորէայի Փիոնկ Չանկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի ձմեռնային 23-րդ ողիմպիականի խաղերուն շորթ թրեքի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունքէն` նկատի ունենալով, որ անոր վրայ կատարուած` խթանիչ դեղերու գործածութեան վերաբերող քննութեան արդիւնքները տուած են դրական պատասխան:

Այսպիսով, 21 տարեկան մարզիկը դարձաւ այս ողիմպիականին մասնակցող առաջին անձը, որ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն պատճառով դուրս կը դրուի ողիմպիական խաղերէն:
Այլ գետնի վրայ, դահուկարշաւի սփրինթի (դասական ոճ) մրցումներուն, Միքայէլ Միքայէլեան չկրցաւ յաղթահարել որակաւորման փուլի արգելքը, որովհետեւ 80 մարզիկներուն մէջ գրաւեց 72-րդ դիրքը եւ լքեց պայքարը, որովհետեւ յաջորդ հանգրուան կը հասնին 1-30-րդ դիրքերը գրաւողները:
Նոյն մրցաձեւի աղջկանց պայքարին պէտք էր մասնակցէր նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ` Քաթիա Գալստեան, սակայն անոր անունը չկար մասնակցողներու ցանկին մէջ:
Այլ գետնի վրայ, տղոց շորթ-թրեքի 1500 մեթրի մրցումներուն արծաթէ մետալի տիրացած հոլանտացի Շինքի Քնեքթ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին անարգական շարժում մը կատարեց առաջին դիրքը գրաւած հարաւային քորէացի Լիմ Հիօ Ճունի հասցէին: Նշուեցաւ, որ ան 2014-ին եւս նմանօրինակ արարք մը կատարած էր:



