Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետմինթոնի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 փետրուարին, Հուփս Հազմիէի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց պետմինթոնի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 77 երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնեն հետեւեալ ակումբները. Մոն լա Սալ, Հուփս Պէյրութ, Ժամհուր, Հուփս Մեթն, Լուէյզի, 1875 (Սեն Ժոզեֆ համալսարան), Սքուատրա եւ Մուժամաա Հարիրի:
Անհատական մրցումներէն բացի, տեղի պիտի ունենան նաեւ տղոց եւ աղջկանց զոյգի, ինչպէս նաեւ խառն զոյգի մրցումները:


